ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Արիս Տիգրան Նշանը, որ ըլլալով Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտներէն՝ շատ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է համալսարանի մտից քննութիւններուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փափաքած է վերամուտի սեմին իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցել Արիս Տիգրան Նշանին, որ երէկ փութաց Պատրիարքարան։ Նորին Ամենապատուութեան հրաւէրին ընդառաջ հանդիպման ներկայ էին նաեւ Արիս Տիգրան Նշանի ծնողները, Էսաեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, ինչպէս նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Հարկ է յիշեցնել, որ Արիս Տիգրան Նշան եղած է Թուրքիոյ 730-րդ յաջող աշակերտը՝ համալսարանի մտից քննութիւններուն մէջ։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց Արիս Տիգրան Նշանի այցելութիւնը եւ իրեն յղեց շնորհաւորութիւններ։ Նորին Ամենապատուութիւնը կարեւորեց ընտանեկան դաստիարակութեան եւ դպրոցի մէջ ջամբուած ուսման կարեւորութիւնը։ Այս առումով ան կենդանի օրինակ մը համարեց Արիս Տիգրան Նշանը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յատկապէս շնորհաւորեց Արիս Տիգրան Նշանի ծնողները եւ այն բոլոր կրթական մշակները, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են անոր մտաւորական կազմաւորման մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս ամբողջին մէջ գնահատանքի մասնաւոր բաժին մը դուրս բերաւ Սաթենիկ Նշանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խօսքով՝ մեր համայնքային վարժարաններէն մէկուն սանին կողմէ արձանագրուած այս յաջողութիւնը արդար հպարտութեան առիթ է ու սա միակը պէտք չէ մնայ։

Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հայրաբար թելադրեց, որ Արիս Տիգրան Նշան շարունակէ յարատեւ աշխատութիւնը յաջողութեամբ եւ ըլլայ օրինակելի անհատ մը՝ իր գտնուելիք բոլոր միջավայրերուն մէջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2020