ՇԻՆԻՉ ՍՊԱՍՈՒՄ

Արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւններուն բերումով Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ներկայիս վերստին լարուածութիւն մը ստեղծուած է։ Առկայ մթնոլորտին մէջ Գերմանիա հետամուտ է միջնորդական ջանքեր գործադրելու՝ այս լարուածութեան յաղթահարումը ապահովելու նպատակով։ Պերլին Անգարայի եւ Աթէնքի հետ սերտ շփումներ կը մշակէ՝ հասարակաց յայտարար մը ապահովելու եւ ելք մը գտնելու համար։ Այս իրավիճակին մէջ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս երէկ այցելեց Աթէնք եւ Անգարա։ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպելէ վերջ ան Աթէնքի մէջ յայտարարեց, որ նոյնիսկ կայծ մը բաւարար է՝ աղէտի մը ծնունդ տալու համար։

Հէյքօ Մաաս աւելի վերջ անցաւ Անգարա, ուր հանդիպեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Բանակցութիւններէն վերջ երկու նախարարները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Չավուշօղլու այս առթիւ բուռն հակազդեցութիւնով արտայայտուեցաւ Յունաստանի դէմ։ Ըստ իրեն, Թուրքիա պատրաստ է բանակցութիւններու, սակայն նախապայմաններ չ՚ընդունիր։ Չավուշօղլու դիտել տուաւ, որ Միջերկրականի արեւելքին լարուածութիւնը բարձրացած է Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի դիրքորոշման հետեւանքով։ Անոնք առաւելապաշտ մօտեցումներով Միջերկրականի արեւելքին երկար ժամանակ միակողմանի գործունէութիւն ծաւալած են։ «Հրաժարեցէք այս շփացածութենէն», ըսաւ Չավուշօղլու եւ խորհուրդ տուաւ կարգ մը երկիրներու հրահրումով չենթարկուիլ ռիսքերու։ Յունաստան պէտք չէ տարուի այն երկիրներէն, որոնք կը ջանան զայն թրքական նաւատորմին առջեւ նետել։ Նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ Թուրքիա թոյլ պիտի չտայ, որպէսզի Յունաստան սեփական հայեացքներով ճշդէ միջազգային իրաւունքը։ Կարելի չէ, որ թրքական կողմը հրաժարի արեւելեան Միջերկրականի իրաւունքէն։

Իր կարգին, Հէյքօ Մաասն ալ Անգարայի մէջ նշեց, որ ստեղծուած կացութիւնը լուրջ վտանգներու յղի է։ Եթէ Թուրքիա եւ Յունաստան անկեղծ եւ ուղղակի բանակցութիւններու սկսին, ապա փոխադարձաբար ընդունելի լուծումներու հասնիլ կարելի կրնայ ըլլալ։ Երկխօսութեան առիթը պէտք է անպայման արժեւորուի։ Ըստ Մաասի, ոեւէ մէկը ռազմական լուծում մը չ՚ակնկալեր եւ սա կ՚ըլլայ անմտութիւն։ Խնդիրը պիտի լուծուի դիւանագիտութեամբ։ Սա դժուար կրնայ ըլլալ, դանդաղ կրնայ յառաջանալ, սակայն այստեղ կայ երկխօսութեան մտադրութիւն մը։

Հէյքօ Մաաս տեղեկացուց, որ յառաջիկայ հինգշաբթի եւ ուրբաթ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Պերլինի մէջ ժողով մը պիտի գումարեն եւ այս առթիւ օրակարգի վրայ պիտի գայ նաեւ Միջերկրականի արեւելքի խնդիրը։ Գերմանացի նախարարը նշեց, որ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու այժմու ընթացքը չի բաւարարեր կողմերէն որեւէ մէկը։ Համագործակցութեան ներուժը շատ աւելի բարձր է։ Մարդոց համար հնարաւորութիւններ կան։ Դժբախտաբար, քաղաքական տեսակէտէ անլուծելի խնդիրներ այս պահուն ստուեր կ՚ածեն Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն վրայ։ «Այս շրջափակումները պէտք է յաղթահարուին», յայտնեց Հէյքօ Մաաս։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2020