ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻԻ ՎԵՐՋԻՆ ՓՈՐՁԵՐԸ...

Լիբանանի նշանակեալ վարչապետ Նեճիպ Միքաթի մի քանի անգամ Պաապտայի նախագահական պալատ  բարձրացած է, ներկայացնելու նպատակով կառավարութիւն կազմելու համար նախատեսուած իր ցուցակը։

Մինչ լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ նոր գոյանալիք կազմը բաղկացած պիտի ըլլայ 24 նախարարներէ, կ՚ուրուագծուի նաեւ, որ Միքաթի մինչեւ հիմա վիճայարոյց համարուող նախարարական աթոռներուն վերաբերեալ լուծում տուող անուններ պիտի ներկայացնէ նախագահին։

Գնդակը մեծ հաշուով կը գտնուի խաղադաշտին մէջ նախագահ Աունի, որ կը շարունակէ մնալ անվրդով ու կարծես, թէ ինչ-ինչ հանգամանքներու հետեւանքով պատրաստ չէ զիջումներու երթալու։

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին հետ իր ունեցած անհատական «խորշանք»էն բացի, Աուն ձեռնարկած էր նոր ծրագիր մը, որուն գլխաւոր խորագիրը երկրի սիւննի հատուածներուն «դաս տալ»ու ընթացքն էր, ինչ որ ամէն պարագայի չի կրնար բանալ երկրին համար լուծման նոր դռներ։ Անկախ անկէ, որ ներկայիս Լիբանանի մէջ քաղաքական լուծումներ բերելու հիմնական բանալիները ոչ ոքի մօտ է։ Մինչ այդ, կայ նաեւ յայտնի վարկած մը, ըստ որուն, եթէ յոռեգոյն պարագային կայ լուծման բանալիներու չգոյութիւն մը, որու կողքին ալ կայ լուծումները ոտնատակ ընելու խաղաոճ մը։

Այսպէս, մինչ երկիրը կամաց-կամաց աւելիով կ՚ընկղմի տնտեսական տագնապի մեծ ու տարածուած ճահիճներուն մէջ, անդին տեղի կ՚ունենան քաղաքական «հաշուեյարդար»ներ։ Անշուշտ, հիմնական խաղացողները կ՚ընեն ամէն ինչ, որպէսզի որեւէ լուծման փորձ, որ այս պարգային նոր կառավարութիւն մը կազմելու հիմահարցն է, տապալի ու ամբողջ երկիրը վերադառնայ նախկին «զերօ կէտ»ին։

Ճիշդ է, որ լիբանանցիք վարժ են նման մեծ ու փոքր ցնցումներու, սակայն կայ, գոյութիւն ունի նոր իրականութիւն մը, որուն հիմամբ կը բացուի բաւական մոխրագոյն առագաստ մը՝ անյուսութեան, աղքատութեան, կորուստի եւ ի վերջոյ... արտագաղթի։

Փափաքները կը մնան փափաք, բայց ստեղծուած իրականութիւնը պէտք է դիտարկել այլ կարկինով։ Այս առումով ալ արդէն ստեղծուած է համընդհանուր տեսակէտ մը, որուն հիմամբ յստակօրէն կ՚ուրուագծուի, որ լիբանանցիներու աշխոյժ եւ արտադրող հասարակութեան համար երկիրը կա՛մ մահացած է կամ ալ մեռնելու վրայ է։ Լիբանանի նման երկրի մը համար՝ անոր դիրքին, անոր ծայրերուն գոյացած եւ ընթացող մեծ պայքարներուն մէջ, օրինաչափութիւն դարձած է արտաքին ուժերուն ազդու միջամտութիւնը։ Այսօր այս պատկերը կը պարզէ Լիբանան, որովհետեւ այն կողմերը, որոնք «ըստ կարգի» ըսելով պարտաւոր են լուծման նոր ընթացակարգերու առիթներ տալ, յայտ-նըւած են մեծ «անգործութեան» մը առջեւ ու զբաղած են իրենց ներքին խնդիրներով ու հաշիւներով։

Բարեխիղճ եւ միջին խաւի լիբանանցին լաւ կը յիշէ այն ժամանակները, երբ երկրի առաջին կարգի գործիչներ կը փութային Դամասկոս, այդ մայրաքաղաքին մէջ գտնուող «կառավարական գաղտնաբառ»ը իրենց գրպանը դնելով կը վերադառնային, կազմելու համար նոր «փրկագործական» կառավարութիւն մը, որ կարեւոր գործեր ընելու փոխարէն կը զբաղէր փոքր ու փողաբեր գործարքներով։

Արդիական համակարգ մը ստեղծելու բոլոր հնարաւորութիւնները լիբանանցի գործիչները «քամիին կու տային» ու անոր վրայ կու գար աւելնալ «Արաբական գարնան» ընդհանուր ժամանակը, որ զեփիւռներ բերելու փոխարէն, իր հետ կը բերէր առատ խորշակ ու կրակ։

Անշուշտ, պէտք չէ անտեսել այն կարեւոր փաստը, որ նոյնիսկ Դամասկոսի ազդեցիկ միջամտութեան պարագային Լիբանան յանձինս՝ Ռաֆիք Հարիրիին, կ՚ունենար այնպիսի վարչապետ մը, որ կարողականութիւնը ունէր խօսելու բոլորին հետ, նաեւ իր խօսքը լսելի դարձնելու ամբողջ աշխարհին։ Ու մինչ այսօր շիի համայնքի կտրուածքով այդ կեդրոնական գործիչները կան ու կը գործեն, անդին սիւննիներու պարագային կայ մեծ դատարկութիւն մը։ Իբր այդ, Նեճիպ Միքաթի այդ պարապութիւնը լեցնելու բոլոր մակարդակի փորձերը, նոյնիսկ ներսիւննիական տան մէջ, չեն դիտուած ու պիտի չդիտուին հաշտ աչքերով։

Սիւննիներուն վրայ կը կեդրոնանամ, որովհետեւ ինչպէս երէկ, այսօր ալ Արաբական ծոցը (կամ Պարսից ծոցի երկիրները) կը շարունակեն մնալ Լիբանանը այս ծանր տագնապէն դուրս բերելու ամենաիրաւ, ամենաանկեղծ ու ամենաճշմարիտ լծակները։

Մինչ իրանցիք իրենց քաղաքական յստակ օրակարգը ունին Լիբանանի մէջ, իսկ ֆրանսացիք ունին Լիբանանի ջուրերուն մէջ եղած կազի պաշարներուն հանդէպ «լուրջ» հետաքրքրութիւն։ Մինչ այդ, ամերիկացիք, որոնց համար Լիբանանի հարաւային սահմանները Իսրայէլի համար «գլխացաւ» չդարձնելու միտումը ունին, անդին սիւննի տէրութեանց համար էականը այն է, որ հայհոյանքի թիրախ չդառնան ու «բարի խօսք» ստանան Լիբանանի բոլոր կողմերէն։

Ի հարկէ, այստեղ շատ խճճուած ու մեծ քննարկումի նիւթ է սիւննի-շիի «լուռ» հակամարտութիւնը, որուն առանցքները կլորցնելու համար լիբանանցի ոեւէ սիւննի առաջնորդ պէտք է ունենայ «զսպուածութիւն»։ Իբր այդ, մեծ պարապութիւն մը կայ, մանաւանդ՝ որ Լիբանանի հրապարակի բոլոր հիմնական անունները մինչեւ այսօր չեն կարողացած «լեզու գտնել» Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանին հետ։

Ահա՛, այս ընդհանուր պատկերին վրայ լիբանանցիք կը յուսան եւ ստիպուած են յուսալ, որ Միքաթի կարողանայ իր ոչ այնքան «թաց» ձեռքերով «կարմիր շագանակ»ներ դուրս հանէ կրակէն, անշուշտ միայն այն պարագային, երբ անոր տրուած վստահեցումները ըլլան «անկեղծ»։

Իսկ ինչ կը պատահի այն պարագային, եթէ Միքաթի պարզապէս «տապալի» իր հետ տանելով նոր կառավարութիւն ունենալու մեծ յոյսը։ Այդ պարագային արդէն յստակ կը դառնայ, որ Լիբանան պիտի մտնէ փլուզումներու նոր փուլ մը։ Իսկ այդ փուլին չեն բացառուած ներքին փոքր բախումները մինչեւ այն պահը, երբ արտաքին կողմերը իրապէս հասկնան, թէ Պէյրութի մէջ ծագած հրդեհը իր տարողութեամբ կրնայ խառնել ապագայ ծրագիրներուն համար նախատեսուած բոլոր խաղաքարտերը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 26, 2021