ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ։ Ծանօթ է, որ Նալպանտեան Նիւ Եորք մեկնած էր՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 71-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն։ Ընդհանուր ժողովին առջեւ ելոյթ մը ունենալու առընթեր, նախարարը ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ ու նոյն ծիրին մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեանի հետ զրուցելու ընթացքին Պան Քի Մուն երախտագիտութիւն յայտնեց իր պաշտօնավարութեան ընթացքին կազմակերպութեան աշխատանքներուն Հայաստանի կողմէ բերուած աշխոյժ մասնակցութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը շատ տեսանելի ու շինիչ դերակատարութիւն մը ծաւալած է միջազգային ասպարէզի մէջ, ոչ միայն իր առաջնահերթութիւններուն առումով, այլ նաեւ ՄԱԿ-ի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման նպատակով։
Նալպանտեան նշեց, որ Երեւանի մէջ բարձր կը գնահատեն Պան Քի Մունի հետ ծաւալուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։ Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդհանուր քարտուղարին՝ այդ պաշտօնին գլուխը դրսեւորած առաջնորդութեան, հանդէս եկած նախաձեռնութիւններուն եւ գործադրած ջանքերուն համար՝ ուղղուած ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան արժէքներու, նպատակներու եւ սկզբունքներու յառաջ մղման։
Զրուցակիցները քննարկեցին ՄԱԿ-ի օրակարգին վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Պան Քի Մուն Եդուարդ Նալպանտեանին յանձնեց իր հեղինակած գիրքը, որու մէջ ամփոփած է վերջին տասն տարիներուն՝ որպէս ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար ծաւալած գործունէութիւնը։
Նիւ Եորքի մէջ Նալպանտեան տեսակցեցաւ նաեւ Իրաքի Արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Էլ Ճաֆերիի եւ Փորթուգալի Արտաքին գործոց նախարար Աւկուստօ Սանթոս Սիլվայի հետ։
ՀՐԵԱՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Մինչ այդ, Եդուարդ Նալպանտեան Նիւ Եորքի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Ամերիկայի հրէական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ՝ այդ կառոյցի քաղաքական հարցերու գծով գործադիր տնօրէն Ճէյսըն Իսաքսոնի գլխաւորութեամբ։ Հիւրերուն խնդրանքով Նալպանտեան ներկայացուց հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութեան զարգացման ուղղութեամբ առնուած քայլերը, հարեւան երկիրներու հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները եւ ներկայացուց Երեւանի դիրքորոշումները շարք մը տարածքաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ։ Նախարարը կանգ առաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու ուղղութեամբ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն եւ Հայաստանի ջանքերուն վրայ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեան յայտարարեց, որ Իսրայէլի հետ պիտի սկսի համագործակցութիւն՝ գիտութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան եւ այլ շարք մը բնագաւառներու մէջ։ Զաքարեան, որ Հայաստան-Իսրայէլ խորհրդարանական բարեկամական խումբը կը ղեկավարէ, տեղեկացուց՝ որ զանազան ոլորտներէ ներս կ՚ընդլայնուի երկու երկիրներու համագործակցութիւնը։
Արտակ Զաքարեան այս յայտարարութիւնները կատարեց Իսրայէլի Քնեսեթի փոխ-նախագահ Թալի Փլոսքովի եւ Իսրայէլ-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի հիմնադիր Ալեքսանտր Ցինքէրի հետ։ Անոնք Երեւան այցելած էին՝ Հայաստան-Իսրայէլ համագործակցութեան հասարակական ֆորումի ձեւաւորման աշխատանքներուն շուրջ։ Թալի Փլոսքով շեշտեց, որ երկու պետութիւնները ունին բազմաթիւ ընդհանրութիւններ եւ պէտք է աշխատիլ փոխադարձ կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ։ «Իսրայէլի մէջ կայ, այն ինչ, որ չկայ Հայաստանի մէջ եւ հակառակը։ Կը կարծեմ՝ երկու կողմերն ալ ուրախ պիտի ըլլան համագործակցութեան ընդլայնումով», ըսաւ Փլոսքով։
Հարկ է նշել, որ յիշեալ ֆորումի աշխատանքները պարբերաբար տեղի պիտի ունենան Հայաստանի կամ Իսրայէլի մէջ։