ՆՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿ

Հիւսիսային Իրաքի մէջ երէկ կազմակերպուած անկախութեան հանրաքուէն կը շարունակէ բնորոշել միջազգային ընտանիքի օրակարգը։ Թէեւ միջազգային օրակարգին վրայ տեղ կը զբաղեցնեն նաեւ այլ բազմաթիւ հրատապ խնդիրներ, սակայն Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան կողմէ երէկ կազմակերպուած անկախութեան հանրաքուէն լուրջ մտահոգութեան պատճառ դարձած է բոլոր հարթութիւններու վրայ։ Թուրքիա եւս անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Հիւսիսային Իրաքի իրադարձութիւններուն եւ բուռն ձեւով կ՚արձագանգէ այս վերջին իրադարձութիւններուն։

Երէկուան հանրաքուէին մասնակութեան համեմատութիւնը հասաւ 72 տոկոսի։ Հանրաքուէի արդիւնքները պիտի հրապարակուին երեք օրուան ընթացքին։ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի քուէարկութեան դրուագները երէկ սփռուեցան միջազգային գրեթէ բոլոր յառաջատար լրասփիւռներուն կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ շրջանի քիւրտերը առաւել մասնակցութիւն բերած են հանրաքուէին, մինչ թիւրքմեններուն եւ արաբներուն մասնակցութիւնը մնացած է աւելի ցած մակարդակի վրայ։ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը երէկուան հանրաքուէով հանդերձ չի պատրաստուիր անմիջապէս անկախութիւն հռչակելու։

Անգարայի ղեկավարութեան առընթեր, բնականաբար, Պաղտատի ղեկավարութիւնն ալ խիստ մտահոգութիւնով եւ բողոքով կ՚անդրադառնայ Հիւսիսային Իրաքի իրադարձութիւններուն։ Պաղտատի ղեկավարութեան մօտեցումը այն է, որ այս հանրաքուէով պատերազմ մը հռչակուած կ՚ըլլայ Իրաքի ժողովուրդի միութեան դէմ։ Իրաքի Վարչապետ Հայտար էլ Իպատի երէկ յայտնեց, որ Հիւսիսային Իրաքի մէջ կազմակերպուած անկախութեան հանրաքուէին բերումով քրդական ինքնավարութեան պատասխանատուներուն դէմ նախազգուշական միջոցները պիտի խստացուին։ Էլ Իպատիի խօսքերով՝ այս հանրաքուէն մեծ ռիսք մըն էր եւ կատարուեցաւ ի հեճուկս Իրաքի Գերագոյն դատարանի որոշման։ Սա երկրի սահմանադրութեան դէմ է եւ արդիւնքները պիտի չճանչցուին Պաղտատի ղեկավարութեան կողմէ։ Ըստ Էլ Իպատիի, այս հանրաքուէն միջազգային ամէն տեսակ աջակցութենէ զուրկ է։ Երկրէն ներս դաւանական եւ ազգային զգացումները կը հրահրէ։ Ներկայ լարուած մթնոլորտին մէջ Էլ Իպատի երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։

Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ ուշի ուշով կը հետեւի բոլոր իրադարձութիւններուն եւ հանրաքուէին յաջորդած փուլին անմիջապէս շրջանառութեան մէջ դնել կը սկսի տնտեսական պատժամիջոցներ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան դէմ։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ հանդէս եկան վճռական յայտարարութիւններով, որոնց միջոցաւ յաչս հանրային կարծիքին աւելի բիւրեղացաւ Անգարայի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումը։ Էրտողան յայտնեց, որ Հիւսիսային Իրաքի մէջ կազմակերպուած հանրաքուէն առ ոչինչ կը համարուի Թուրքիոյ տեսակէտէ եւ ապօրինի է։ Ան յիշեցուց «Եփրատի վահան» գործողութիւնները եւ աւելցուց, որ Թուրքիա գիշեր մը յանկարծ կրնայ վրայ հասնիլ։

Իր կարգին, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ ընդգծեց, որ յետայսու Անգարա որպէս միակ երկխօս պիտի ընդունի Պաղտատի կեդրոնական իշխանութիւնները։ Հայրենակիցները հանգստացնելու համար վարչապետը շեշտեց, որ Թուրքիա չի մասնակցիր պատերազմի մը մտնելու։ Եըլտըրըմի խօսքերով՝ անկախութեան հանրաքուէն սահմանի վրայ տաք բախումներու գետին պատրաստած է։ Հետեւաբար, Թուրք զինեալ ուժերը թափ կու տան սահմանամերձ գօտիէն ներս ձեռնարկուած ռազմափորձերուն։ Ի դէմ, այսօրուընէ սկսեալ Իրաքի զօրքերն ալ մասնակցութիւն կը բերեն այդ ռազմափորձերուն։ Վարչապետ Եըլտըրըմ երէկ այս մասին ըրաւ յայտարարութիւններ, որոնցմէ անմիջապէս վերջ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրներն ալ հաստատեցին, թէ այսօրուընէ սկսեալ Սիլոփիի եւ Հապուրի մերձակայքին ձեռնարկուած ռազմափորձերուն թրքական եւ իրաքեան զօրքերը համատեղ մասնակցութիւն պիտի բերեն։

Հիւսիսային Իրաքի իրադարձութիւնները ընդդիմադիր ուժերուն ալ օրակարգին վրայ են։ Գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու երէկ տեղեկացուց, որ Անգարայի, Թեհրանի եւ Պաղտատի իշխանութիւնները համատեղ լուծում մը պէտք է որ ընեն այս հարցին համար։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու ղեկավարները առաջնահերթօրէն անդրադարձան Հիւսիսային Իրաքէն ներս կազմակերպուած հանրաքուէին։ Անոնք կարեւորութեամբ ընդգծեցին Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ իրենց ընծայած կարեւորութիւնը։ Հարկ է նշել, որ երկու օր վերջ՝ այս Հինգշաբթի Վլատիմիր Փութին աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Թուրքիա եւ պիտի հիւրընկալուի Էրտողանի կողմէ։

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ վերապահութեամբ կը մօտենայ այս հանրաքուէին։ Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սենտըրս երէկ արտայայտուեցաւ այս նիւթին շուրջ։ Ըստ իրեն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը կարեւորէ Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը։ Բանբերին խօսքերով՝ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) անհետացման եւ Իրաքի կասեցման համար անհրաժեշտ է միասնական Իրաք մը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2017