ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՄԱԿ-Ի ԱՄՊԻՈՆԷՆ. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՊԷՏՔ Է ՓՈԽԷ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ ԻՐ ԱՆԱՐԳԱԼԻՑ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԸ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն։ Ընդհանուր ժողովի առջեւ ունեցած ելոյթին ժամանակ ան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 73-րդ նստաշրջանի բացման փուլին Նիկոլ Փաշինեան միջազգային այդ ամենահեղինակաւոր ամպիոնէն ներկայացուց հայկական կողմի մօտեցումները։ Վարչապետը ընդգծեց, որ թէեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ արմատական փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան, սակայն արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ չկան շրջադարձներ։ «Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան շարունակականութիւնը կը վկայէ, թէ ան կանխատեսելի եւ յուսալի գործընկեր մըն է։ Մեր միջազգային պարտաւորութիւնները ենթակայ չեն վերատեսութեան։ Մեր դիրքորոշումը յստակ է. Հայաստան պատրաստ է շինիչ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան բոլոր գործընկերներու հետ։ Մենք մտադիր չենք մեր յարաբերութիւնները զարգացնել գործընկերի մը հետ՝ միւսի հաշւոյն։ Մենք կը կարեւորենք բազմակողմանիութեան դերը համաշխարհային եւ տարածքաշրջանային մակարդակներու վրայ», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Իր ելոյթին մէջ Փաշինեան յայտնեց նաեւ հետեւեալը. «Մենք իսկապէս համաշխարհային ազգ ենք, հարիւրաւոր աշխարհասփիւռ համայնքներով հանդերձ։ Այստեղէն ալ կը բխի Հայաստանի մտահոգութիւնը համամոլորակային սպառնալիքներու առընչութեամբ, որոնք կրնան վտանգի ենթարկել մեր հայրենակիցները աշխարհի զանազան անկիւններուն։ Սուրիոյ ճգնաժամի պատճառով այսօր վտանգուած է մեծաթիւ սուրիահայ համայնքի գոյութիւնը ընդհանրապէս»։

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կապակցութեամբ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ հետեւեալը. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը շարունակէ գերակշռել մեր արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ։ Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան բացարձակ առաջնահերթութիւնը բանակցային գործընթացին մէջ։ Հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծելու որեւէ փորձ ուղղակի սպառնալիք է տարածքաշրջանային անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու դէմ։ Հայաստան պիտի շարունակէ շինիչ ներգրաւուածութիւնը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ձեւաչափով, որուն ալ տրուած է հակամարտութեան կարգաւորման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ լիազօրութիւնը։ Ատրպէյճան պէտք է փոխէ բանակցութիւններու նկատմամբ իր անարգալից վերաբերմունքը, պէտք է լիովին հրաժարի որեւէ ռազմական լուծման գաղափարէ եւ իրագործէ բոլոր նախորդ համաձայնագրերը։

«Աւելին, եթէ Ատրպէյճան իսկապէս հաւատարիմ է խաղաղ գործընթացին, ապա պէտք է սկսի երկխօսիլ այս հակամարտութեան հիմնական առարկային՝ Լեռնային Ղարաբաղի հետ։ Ատրպէյճան ամէն առիթով կը յայտարարէ, որ Ղարաբաղ պէտք է ըլլայ իր տարածքի մէկ մասը։ Միեւնոյն ժամանակ կը յայտարարէ, որ պիտի չբանակցի Լեռնային Ղարաբաղի հետ։ Խնդիրը այն է, թէ Ատրպէյճան ինչպէ՞ս կրնայ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային յաւակնութիւն ներկայացնել առանց նոյնիսկ անոր հետ երկխօսելու։ Սա հնարաւո՞ր է։ Սա հնարաւոր է, եթէ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան միայն կը հետաքրքրէ բուն տարածքը, այլեւ ոչ թէ ժողովուրդը։ Այսպէսով, ակնյայտ կը դառնայ, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան մտադրութիւնն է՝ որ Ղարաբաղը մաքրուի հայերէն, ինչպէս եղաւ Նախիջեւանի մէջ։ Սա իրաւունք կու տայ Լեռնային Ղարաբաղին ըսելու, որ Ատրպէյճանի մաս կազմելը Ղարաբաղի բնակչութեան համար պիտի նշանակէ լիակատար բնաջնջում։ Հետեւաբար Ղարաբաղ պէտք չէ ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, եթէ ոեւէ մէկը չի փափաքիր թոյլ տալ հայ ժողովուրդի դէմ նոր ցեղասպանութիւն մը։ Ամփոփելով՝ թոյլ տուէք վերահաստատել. հակամարտութիւնը կրնայ եւ պէտք է կարգաւորուի միայն կողմերու փոխադարձ զիջումներու միջոցաւ՝ խաղաղութեան եւ ո՛չ թէ պատերազմի մթնոլորտի մէջ։ Եւ վերջաւորութեան չափազանց կարեւոր կը նկատեմ իմ երախտագիտութիւնը յայտնել ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ջանքերուն ու մօտեցումներուն նկատմամբ իր անվերապահ աջակցութեան համար»։

Հարկ է նշել, որ Նիկոլ Փաշինեանի ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած ելոյթին հետեւեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի խումբ մը բարերարներու հետ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ սա եղած է ի նշան երկրի ղեկավարին զօրակցութեան։ Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Վեհափառ Հայրապետը Նիւ Եորքի մէջ միասնաբար այցելեցին նաեւ «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ բացուած «Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէսը։ 

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այսպէս, ան տեսակցեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի, Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի, Ափրիկեան Միութեան կոմիտէի նախագահ Մուսա Ֆաքիի, Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան գծով յանձնակատար Եոհաննէս Հաննի եւ այլ դէմքերու հետ։ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած քննարկումի մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան փորձագիտական յեղափոխութեան դարաշրջանին մէջ համագործակցութեան զարգացման, փորձառութիւններու փոխանակման ու երկիրներու զարգացման վերաբերեալ հարցեր։

ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ մաս կը կազմէ վարչապետ Փաշինեանի ընկերակից պատուիրակութեան, Նիւ Եորքի մէջ կը շարունակէ շփումներ ունենալ իր հերթին։ Նախարար Մնացականեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Հանդիպման ընթացքին Մնացականեան հերթական անգամ վերահաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման ուղղութեամբ Հայաստանի յանձնառութիւնը։ Նախարարը ընդգծեց խաղաղութեան նպաստող միջավայրի մը ձեւաւորման կարեւորութիւնը՝ շեշտելով իրավիճակը սրելու ուղղեալ քայլերէ եւ ակրեսիւ հռետորաբանութենէ զերծ մնալու անհրաժեշտութիւնը։

Այս առումով Մնացականեան եռանախագահներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ սահմանի եւ Արցախի հետ շփման գծի վրայ իրավիճակի լարման պարբերական փորձերուն վրայ։ Այդ բոլորի հետեւանքով վերջին օրերուն զոհուեցան երկու զինուորներ, թիրախաւորուեցաւ նաեւ խաղաղ բնակչութիւնը։ Մնացականեան շեշտեց, որ Պաքուի նման քայլերը լրջագոյն վտանգ կը ստեղծեն հաշտութեան գործընթացին, յատկապէս համանախագահներու միջնորդութեամբ արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ կայանալիք հանդիպման նախօրեակին։

Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին թէ՛ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման եւ թէ համանախագահներու օրացոյցին ներառնուած յառաջիկայ այլ քայլերու շուրջ։

Հարկ է նշել, որ Նիւ Եորքի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Զօհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2018