ՈՒՄՈՒԹ ԱԼԻ ԷՕԶՄԷՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէն ազատ արձակուեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ պատկան իշխանութիւնները մարդասիրական նկատառումներով կարճած են Ումութ Ալի Էօզմէնի գործը։ Սահմանախախտ հովիւի հայրը՝ Մուսթաֆա Էօզմէնն ալ ներկայիս կը գտնուի Հայաստանի մէջ։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր կը գրէ, որ ան երէկ հնարաւորութիւն ունեցած է տեսնելու իր 16-ամեայ որդին։ Համապատասխան դրուագով լուսանկար մը կայ այսօրուան թերթին մէջ։ Ումութ Ալի Էօզմէն յայտնած է, որ երկիրը շատ կարօտցած է ու կ՚ուզէ ժամ առաջ վերադառնալ իր ընտանիքին եւ դպրոցին։

Թերթը կը գրէ, որ Ումութ Ալի Էօզմէնի Թուրքիա վերադարձին համար անհրաժեշտ է Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ փաստաթուղթի մը ուղար-կըւիլը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հայկական կողմն ալ որոշումին վերաբերեալ դիւանագիտական ճանապարհով տեղեկութիւն փոխանցած է թրքական կողմին։ «Համապատասխան արձագանգի հասնելուն պէս պիտի կազմակերպուի Ումութ Ալի Էօզմէնի Թուրքիա վերադարձը», յայտնած են Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2018