ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Թուրքիան կը շարունակէ մնալ անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք մը հայ ժողովուրդին համար։ Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին Երեւանի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերը միջազգային բարձր ամպիոններէն միշտ կը բարձրաձայնեն այս մասին եւ երէկ Նիկոլ Փաշինեան նոյնը կրկնեց ՄԱԿ-ի ամպիոնէն՝ ընդհանուր ժողովի 74-րդ նստաշրջանի բացման փուլին ունեցած ելոյթին ժամանակ։
Փաշինեան ըսաւ. «Ցաւօք, մեր մոլորակը բոլորիս համար աւելի ապահով վայր մը չդարձաւ այս տարի։ Դժուար է գտնել աշխարհի որեւէ տարածքաշրջան, որ ինքնին ապակայունացած չէ կամ չէ տուժած հարեւան տարածքաշրջանի լարուածութեան հետեւանքով։ Հայաստանի չորս սահմաններէն երկուքը, ներառեալ՝ Թուրքիոյ հետ սահմանը, փակ է արդէն շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր։ Հրաժարելով Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ, Ատրպէյճանին աջակցելով ընդդէմ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի՝ Թուրքիան կը շարունակէ մնալ անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք մը հայ ժողովուրդի համար, որ արդէն անգամ մը եղած է ցեղասպանութեան զոհ եւ ականատեսն է պատմական ճշմարտութեան ժխտման եւ անոր դէմ կատաղի դիմադրութեան»։
Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը առանցքային նշանակութիւն ունի Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ անվտանգութեան համար։ «Իմ պաշտօնավարման առաջին իսկ օրէն ես քայլերու ձեռնարկած եմ այս իսկ համատեսքին մէջ։ Այս նպատակով ես հանդէս եկայ յայտարարութեամբ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար։ Յատկանշական է, որ ես առաջին հայ ղեկավարն էի, որ նման դիրքորոշում յայտնեց հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ։ Զիս խստօրէն քննադատեցին իմ երկրին մէջ լուծման այսպիսի բանաձեւի մը համար, որ հաւասարութեան նշան կը դնէ հակամարտութեան երեք կողմերուն միջեւ։ Այնուամենայնիւ, ես կը հաւատամ, թէ սա հակամարտութեան խաղաղ լուծման բանալին է, որովհետեւ այդ մէկը կ՚ենթադրէ փոխզիջում, փոխադարձ յարգանքի եւ հաւասարակշռութեան հնարաւորութիւն։ Ես այդ բանաձեւը ներկայացուցի ո՛չ միայն հանրութեան, այլեւ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ներքեւ կատարուած բանակցութիւններու շրջանակներէն ներս։ Յառաջ ընթանալու համար ես կ՚ակնկալէի նաեւ նման յայտարարութիւն մը Ատրպէյճանէն։ Այնուամենայնիւ, Ատրպէյճանի բարձրագոյն իշխանութիւնները մնացին իրենց դիրքորոշման մէջ՝ ձգտելով ղարաբաղեան հիմնախնդրի այնպիսի լուծման, որ ընդունելի կ՚ըլլայ միայն Ատրպէյճանի ժողովուրդին համար։ Իրականութեան մէջ սա ի՞նչ կը նշանակէ։ Սա կը նշանակէ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մտադրութիւն չունին լուծել այս հակամարտութիւնը։ Փոխարէնը, անոնք կը փափաքին յաղթել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին։ Անոնք չեն փափաքիր որեւէ փոխզիջման երթալ։ Անոնց նպատակը վրէժխնդրութիւնն է 1990-ականներուն եւ 2016 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դէմ բռնութեան անյաջող փորձին համար։ Այդ իսկ պատճառով անոնք կը բորբոքեն հակահայկական տրամադրութիւններ իրենց ժողովուրդին մէջ, այդ պատճառով անոնք հսկայական միջոցներ կը ծախսեն սպառազինութեան վրայ, այդ իսկ պատճառով հայատեացութիւնը արդէն դարձած է Ատրպէյճանի պաշտօնական քաղաքականութիւնը։ Փաստօրէն մեր հակառակորդները կը փափաքին ետ բերել Լեռնային Ղարաբաղի՝ խորհրդային ժամանակներու կարգավիճակը։ Բայց սա ապարդիւն ջանք մըն է, որովհետեւ խորհրդային շրջանին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի ժողովուրդը հռչակած է իր անկախութիւնը եւ ինքնորոշում իրականացուցած այնպէս, ինչպէս այդ բանը ըրաւ Ատրպէյճան՝ դուրս գալով Խորհրդային Միութեան կազմէն։ Ատրպէյճանի այս դիրքորոշումը հաւասարազօր է Խորհրդային Միութեան վերականգնման գաղափարին»։
ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած ելոյթին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Պաքուի կառավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը ներկայացնէ որպէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարածքային վէճ։ Ան շարունակեց. «Մենք բնաւ համաձայն չենք հակամարտութեան այդպիսի մեկնաբանութեան հետ։ Սա վէճ մը չէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Այս վէճը տարածքային պահանջներու մասին չէ։ Խօսքը մարդկանց մասին է, տղամարդկանց, կանանց եւ իրենց հայրենիքին մէջ ապրելու անոնց իրաւունքին մասին՝ այնպէս, ինչպէս ապրած են իրենց նախնիները դարերու ընթացքին։ Ցաւօք, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները չեն փափաքիր խօսիլ այդ մարդոց հետ եւ բանակցիլ անոնց հետ, որովհետեւ անոնք կը փափաքին ունենալ տարածքներ, բայց ոչ ժողովուրդ։ Աւելի ճիշդ, տարածքներ՝ առանց ժողովուրդի»։
Փաշինեան կարեւոր համարեց բացատրել, թէ ինչու կ՚անդրադառնայ այս նիւթին։ Կրնայ այնպէս թուիլ, թէ ինք կը փափաքի նպաստել տարածքաշրջանէ ներս լարուածութեան աճին։ Ի հարկէ, ոչ, ընդհակառակն։ Փաշինեան ըսաւ, որ ինք կ՚ուզէ ընդգծել, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը շատ բարդ եւ ցաւոտ հարց մըն է տարածքաշրջանի ժողովուրդներուն համար։ Այդ հարցը անհնար է լուծել առանց ծանր եւ հետեւողական աշխատանքի, առանց փոխադարձ զիջման, փոխադարձ յարգանքի եւ հաւասարակշիռ մօտեցման։ «Ուստի, ես կոչ կ՚ուղղեմ իմ գործընկերոջ՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւին, ընդունիլ բանաձեւը՝ պայմաններ ստեղծել խաղաղ գործընթացին մէջ յառաջընթացի համար։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի ժողովուրդի, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդի համար։ Մենք պէտք է միասին աշխատինք՝ այս բանաձեւը իրականութիւն դարձնելու համար», ըսաւ Փաշինեան։
Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն նշեց, որ Երեւան դէմ է բաժանարար գիծերու եւ առճակատման քաղաքականութեան։ «Մենք դէմ ենք փակ սահմաններուն, որոնք 21-րդ դարուն կը համարուին անհեթեթութիւն, բայց տակաւին առկայ են մեր տարածքաշրջանէն ներս։ Որպէս ազգ մը, որ անցած է ցեղասպանութեան սարսափի միջով, մենք հանդէս կու գանք մեր անկայուն տարածքաշրջանէն ներս փոխըմբռնման եւ խաղաղութեան ի նպաստ։ Ռազմական գերազանցութեան անիրատես յոյսերու վրայ հիմնուած լարուածութեան եւ սպառազինութիւններու մրցավազքի քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ ապագայ չունի։ Մեր տարածքաշրջանի ժողովուրդները արժանի են ապրելու ազատ եւ խաղաղ՝ բարին արարելու, իրենց երեխաները սնելու, կրթելու եւ լուսաւոր ապագայ մը կառուցելու համար», ըսաւ ան։
Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն խօսեցաւ նաեւ միջազգային ընդհանուր իրադրութեան պատճառով Հայաստանի ենթարկուած ազդեցութիւններուն մասին։ Ան ըսաւ. «Մեր հարեւաններու եւ ռազմավարական գործընկերներու միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ զանազան լարուածութիւնը մեզ շատ անյարմար վիճակի կը մատնէ։ Ռուսաստանը մեր հիմնական ռազմավարական գործընկերն ու դաշնակիցն է։ Վրաստանն ու Իրանը մեր ռազմավարական հարեւաններն են։ ԱՄՆ-ի, Եւրոմիութեան ու վերջինիս անդամ պետութիւններուն հետ մենք ունինք ռազմավարական օրակարգ եւ գործընկերային յարաբերութիւններ։ Մեզի համար լուրջ մարտահրաւէր մըն է մեր գործընկերներուն միջեւ առկայ տարակարծութիւններու թնճուկին մէջ յայտնուիլը, որովհետեւ մենք անընդհատ կ՚ենթարկուինք անոնց մէկ մասին, կամ աւելի վատը՝ բոլորին կողմէ ճիշդ չընկալուելու ռիսքին։ Մենք ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի յուսալի գործընկեր եւ լաւ բարեկամ ըլլանք բոլորին համար՝ առանց ոեւէ մէկուն հետ մեր յարաբերութիւնները վնասելու։ Եւ մենք կը շարունակենք ջանքեր գործադրել մեր տարածքաշրջանի աշխարհաքաղաքական միջավայրը առաւել անվտանգ դարձնելու համար»։