ՌԱԶՄԱՕԴԱՆԱՒԻ ՄԸ ԱՆԿՈՒՄ

Ուքրայնոյ Խարքովի շրջանէն ներս անկում ունեցաւ ռազմաօդանաւ մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, դէպքին հետեւանքով 25 հոգի զոհուեցաւ։ Ուքրայնոյ Աւագ դատախազութեան կողմէ կատարուած հաղորդումներով, երկրի բանակին պատկանող ռազմաօդանաւի անկման դէպքին բերումով արդէն ձեռնարկուած է հետաքննութեան։

Ուսումնական թռիչք մը կ՚իրականացնէր այդ ռազմաօդանաւը, որու մէջ կը գտնուէին բացի անձնակազմէն Խարքովի Ռազմաօդային համալսարանի ուսանողները։ Խարքովի նահանգապետ Ալեքսէյ Քուչէր դէպքին կապակցութեամբ հաղորդեց մանրամասնութիւններ, ըստ որոնց օդանաւը անկում ունեցած է վայրէջք կատարելու ժամանակ։ Փրկուած է երկու հոգի։ Այդ փրկուածները օդանաւի անկումէն շատ կարճ ժամանակ առաջ դուրս ցատկելով փրկած են իրենց կեանքը։ Նահանգապետը ընդգծեց, որ օդանաւի անկումէն առաջ օդաչուն տեղեկացուցած է, որ ձախ կողմի շարժիչը արդէն չէր բաներ։ Դէպքին բուն էութիւնը պիտի պարզուի հետաքննութեան արդիւնքով։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020