1665 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ շրջաններու ուղղեալ թիրախաւորուած աշխատանքներու արդիւնքները հետզհետէ սկսած են նկատելի դառնալ եւ յառաջիկայ շրջանին ի յայտ պիտի գայ, որ քորոնաժահրով նոր վարակուածներու թիւը եւ ընդհանրապէս համաճարակը վերահսկողութեան տակ առնուած է։ «Ժահրի դէմ միասնաբար պայքարինք», հերթական անգամ կոչ ուղղեց նախարարը՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ։

Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 112 հազար 885 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1665 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 73 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1318։ Ներկայ դրութեամբ 1601 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Երէկ նախարար Քոճա շրջայց մը կատարեց երկրի՝ Սեւ ծովու ափի հիւսիսային քաղաքներով, ուր տեղւոյն վրայ հետեւեցաւ համաճարակի դէմ ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցներուն եւ ընդհանուր համակարգման աշխատանքներուն։ Այս առթիւ ան նշեց, որ վերջին շաբաթներուն նոր վարակումները սկսած են ծաւալիլ եւ հիւանդանոցներէ ներս դարմանման տակ առնուած հիւանդներու թիւը բարձրացած է մտահոգիչ ձեւով։ Ի շարունակութիւն ծանր հիւանդներու թիւն ալ բարձրացած է լրջօրէն։ Նախարարի խօսքով, առողջապահութեան ենթակառուցուածքը ամուր պահելու ճանապարհին բուն խնդիրը հիւանդներու թիւն է։ Այդ քանակութիւնը նուազեցնել կը նշանակէ համաճարակի դէմ յաջողութիւն արձանագրել։ Այս նպատակով է, որ քաղաք առ քաղաք յառաջ կը տարուին աշխատանքներ՝ նկատի ունենալով բոլոր տեղական առանձնայատկութիւնները։

Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ եթէ քորոնաժահրի դէմ հաստատուած սահմանափակումներուն նկատմամբ հնազանդութիւն ըլլայ, ապա միեւնոյն ժամանակ, ինքնաբերաբար պայքար պիտի մղուի նաեւ ինֆլուէնզա ժահրին եւ անոր տեղի տուած կրիփին դէմ։ Այսպէսով, երկու ժահրին դէմ նոյնաժամանակ պայքար մղուած պիտի ըլլայ, ինչ որ կը ներկայացնէ լուրջ կարեւորութիւն։ Հուսկ, նախարարը քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի քորոնաժահրի համաճարակը չստորագնահատեն։ Վարակիչ հիւանդութիւն մը անկարելի է անտեսել։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020