ՃԷՅՀՈՒՆ ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԱԼ ԽՕՍԵՑԱՒ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՄԱՍԻՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել թէ՛ միջազգային եւ թէ տարածաշրջանային օրակարգը։ Շահագրգիռ բոլոր դերակատարները կը շարունակեն խտացեալ շփման մէջ մնալ։

Շաբաթավերջին Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար մէկտեղուեցաւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Այս վերջինը միեւնոյն ժամանակ տեսակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ապտուլլահիան յայտնեց, որ Թեհրան պատրաստ է Երեւանի եւ Պաքուի հետ խորհրդակցելու։ Ապտուլլահիան Միրզոյեանի հետ զրուցելու ընթացքին ալ հերթական անգամ նշեց, որ Իրանի համար Հայաստանի հետ սահմանի փոփոխութիւնը հանդուրժելի չէ։ Թէեւ Իրան աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները անընդունելի կը նկատէ, սակայն, Երեւանէն զանազան աղբիւրներ արդէն կը գրեն, որ Իրան-Հայաստան բոլոր ցամաքուղիները այս պահու դրութեամբ արդէն գործնականօրէն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան կամ նշանառութեան գօտիին մէջ կը գտնուին։

Միւս կողմէ, Ճէյհուն Պայրամով Նիւ Եորքի մէջ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատումը ապահով, կայուն եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի ստեղծման բանալին է։ Իր խօսքով, Պաքու կը նախատեսէ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան կապերու բացումը եւ այդ ամբողջին մէջ Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծումը անբաժանելի մասն է միջազգային փոխադրութեան ցանցի։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022