ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆԿԵՂԾ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ խաղաղութիւնը կը պահանջէ առաջնորդութիւն եւ անկեղծ քաղաքական քաջութիւն։ «Ես եւ իմ գլխաւորած կառավարութիւնը յանձնառու ենք մեր տարածաշրջանէն ներս հակամարտութեան էջը փակելու», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդէն ներս կազմակերպուած՝ «Առաջնորդութիւն յանուն խաղաղութեան. ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան շուրջ համախմբուած, անվտանգ ապագայի որոնումներով» խորագրեալ քննարկման ընթացքին։

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծեց, որ համաշխարհային անվտանգութեան տագնապը խարխլած է բազմակողմանի համակարգը։ «Մենք կը շարունակենք ականատես ըլլալ հակամարտութիւններու եւ տագնապներու աճող թուին։ Անոնք ծանր ազդեցութիւն կը գործեն խաղաղ բնակչութեան վրայ՝ ներառեալ ամենախոցելիները։ ՄԱԿ պէտք է դիմակայէ այդպիսի իրավիճակներու ստեղծման փորձերուն, երբ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ ուժի կիրարկումը, բռնութեան գործողութիւնները, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումները բնականոն կը համարուին», ըսաւ ան։

Հաւաքի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստան պատրաստ է խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու Ատրպէյճանի հետ։ Ան յիշեցուց, որ Երեւան առաջարկած է ստորագրել խաղաղութեան պայմանագրի արդէն համաձայնեցուած յօդուածները՝ մինչեւ Պաքուի մէջ նախատեսուած COP29 համաժողովը։ Այսպէսով կրնայ ստեղծուիլ խթանիչ միջավայր մը հաշտութեան գործընթացը յառաջ մղելու համար։

ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթին ընթացքին Փաշինեան հերթական անգամ անդրադարձաւ՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին, որու նպատակն է բանալ տարածաշրջանի տնտեսական ներուժը եւ ամրապնդել տնտեսական ու մշակութային կապերը։ Այսպէսով իսկ նպաստ մը կ՚ապահովուի նաեւ քաղաքական երկխօսութեան եւ համապարփակ խաղաղութեան ապահովման՝ ի շահ բոլոր ժողովուրդներու։ «Մենք պատրաստ ենք օգտագործել դրական թափը եւ շարունակել սահմանազատման գործընթացը», յիշեցուց Փաշինեան եւ ընդգծեց, որ ՄԱԿ-ի ուժեղ ու միանշանակ աջակցութիւնը Հայաստանի ջանքերուն՝ միտուած տարածաշրջանէ ներս արդար ու երկարատեւ խաղաղութեան, չափազանց կարեւոր են։

ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման ընթացքին աշխարհի այլ պետութիւններու ղեկավարներն ալ անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու ընթացքին։ Համաշխարհային կազմակերպութեան ամպիոնէն ունեցած ելոյթին ժամանակ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն ըսաւ. «Հայաստան, որու վարչապետի կողքին Ֆրանսան ամուր կանգնած է՝ ուս ուսի, կը գտնուի Ատրպէյճանի եւ անոր տարածքային նկրտումներու ճնշման տակ»։ Մաքրոնի համոզմամբ՝ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ներկայ ըլլայ այնտեղ եւ աջակցի, որպէսզի հաշտութեան բանակցութիւնները յաջողութեամբ աւարտին։ «Միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները պէտք է պահպանուին», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէն ալ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտնեց, որ իր երկիրը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կ՚առաջարկէ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ տարածաշրջանային համագործակցութեան ձեւաչափ մը։

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ։ Անոնց զրոյցին ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Միցոթաքիս եւ Փաշինեան կանգ առին նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն օրակարգի զանազան նիւթերուն վրայ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2024