ԾԱՆՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏԺԻ ՊԱՀԱՆՋ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահափորձի հարցաքննութեան շրջագծով պատրաստուած նոր մեղադրականին մէջ ծանրագոյն պատիժը պահանջուեցաւ երկու նախկին ոստիկանապետներու՝ Ռամազան Աքեիւրէքի եւ Ալի Ֆուատ Եըլմազէրի պարագային։ Ինչպէս ծանօթ է, Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին մէջ հանրային պաշտօնեաներուն ունեցած դերը լուսաբանելու համար վերջերս սկսած էր նոր հարցաքննութիւն մը։ Դատախազին կողմէ պատրաստուած ամբաստանագիրը Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան կողմէ նախ համարուած էր սրբագրութեան կարօտ։ Համակարգային թեքնիկ մանրամասնութենէ մը յառաջացած այդ անհրաժեշտութենէն վերջ արդէն դատախազութիւնը հաստատած էր պատրաստուած նոր ամբաստանագիրը, որու մանրամասնութիւնները այսօր լոյս տեսած են զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Թերթերը ուշադրութիւն կը հրաւիրեն, թէ Անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան լրաքաղութեան բաժնի նախկին ղեկավար Ռամազան Աքեիւրէքի եւ նոյնպէս լրաքաղութեան բաժանմունքի տնօրէն Ալի Ֆուատ Եըլմազէրի պարագային պահանջուած է ծանրագոյն պատիժը՝ ցկեանս ծանր ազատազրկում։ Այդ շրջանի Իսթանպուլի անվտանգութեան տնօրէն Ճելալետտին Ճերրահի եւ Անվտանգութեան լրաքաղութեան բաժանմունքի տնօրէն Սապրի Ուզունի պարագային վեց տարի ազատազրկում պահանջուած է՝ պաշտօնի չարաշահման մեղադրանքով։
Էնկին Տինչի, Րեշատ Աթալայի եւ Ահմէտ Իլհան Կիւլէրի նման յառաջատար անուններն ալ պիտի դատուին մինչեւ 25 տարի ազատազրկման պահանջով։