ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՋԱՆՔԵՐԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Փիէռ Անտ­րիու (Ֆրան­սա) եւ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), ինչ­պէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չիկ ար­դէն ձեռ­նար­կած են ու­ղե­ւո­րու­թեան՝ դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ Այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ա­նոնք այ­սօր կը ժա­մա­նեն Ար­ցախ։ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ միջ­նորդ­նե­րը կը տե­սակ­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի հետ։ Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը կը մաս­նակ­ցին նաեւ Մար­տա­կերտ-Թար­թար ճա­նա­պար­հա­հա­տուա­ծին ԵԱՀԿ-ի ա­ռա­քե­լու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուե­լիք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու շփման գծի դի­տարկ­ման։ Սոյն դի­տարկ­ման ժա­մա­նակ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը եւ շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րածք պի­տի անց­նին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կող­մէ։ Ստե­փա­նա­կեր­տի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է ա­ջակ­ցե­լու այս դի­տարկ­ման ի­րա­կա­նաց­ման եւ ա­պա­հո­վե­լու ա­նոր մաս­նա­կից­նե­րուն անվ­տան­գու­թիւ­նը։

Միւս կող­մէ, ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք այս ա­ռա­ւօտ Ե­րե­ւա­նի մէջ յայ­տա­րա­րեց, թէ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հան­դի­պու­մը կը նա­խա­տե­սուի մին­չեւ տա­րե­վերջ։ Ե­րե­ւա­նի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պա­նա­տան մէջ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Ո­ւոր­լիք ընդգ­ծեց, թէ նա­խա­գահ­նե­րու հան­դի­պու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Դեկ­տեմ­բե­րի 6-ին Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հան­րա­քուէէն վերջ։ Ան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, թէ ի­րենք ներ­կայ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ պի­տի քննար­կեն այդ հա­ւա­նա­կան հան­դիպ­ման օրն ու վայ­րը։ «Եր­կու նա­խա­գահ­ներն ալ յանձն ա­ռած են խո­րաց­նել երկ­խօ­սու­թիւ­նը եւ ար­տա­յայ­տած են հան­դիպ­ման ցան­կու­թիւ­նը։ Մենք կը փա­փա­քինք այս այ­ցե­լու­թիւ­նը օգ­տա­գոր­ծել՝ ո­րո­շե­լու հա­մար հան­դիպ­ման հա­ւա­նա­կան օ­րը եւ սկսե­լու հա­մար հան­դիպ­ման նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն», ը­սաւ ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը։

Ճէյմս Ո­ւոր­լիք այս ա­ռա­ւօ­տեան շատ կա­նուխ ժա­մե­րուն հա­սաւ Ե­րե­ւան, ուր միւս հա­մա­նա­խա­գահ­ներն ալ միա­ցան ի­րեն։ Ար­ցախ այ­ցե­լե­լու ա­ռըն­թեր ա­նոնք կը տե­սակ­ցին նաեւ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։

Միջ­նորդ­նե­րը Հոկ­տեմ­բե­րի 28-ին ալ շփում­ներ պի­տի ու­նե­նան Պա­քուի մէջ։

 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2015