ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԵՐԿՈՒ ՈՍՏԻԿԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ լայ­նա­ծա­ւալ պայ­քար մղել ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Այս ա­ռա­ւօտ Տիար­պա­քը­րի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։ Տիար­պա­քը­րի Քա­յա­փը­նար գա­ւա­ռա­կին մէջ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը գոր­ծո­ղու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի ա­հա­բեկ­չա­կան յի­շեալ խմբա­ւոր­ման ան­դամ­նե­րուն պատ­կա­նող տու­նը։ Բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն կող­մէ օգ­տա­գոր­ծուած պայ­թու­ցի­կին հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցաւ եր­կու ոս­տի­կան։ Չորս ոս­տի­կան ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։

Մի­ջազ­գա­յին լրա­տուա­մի­ջոց­ներն ալ ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցան այս դէպ­քին, ո­րու հե­տե­ւան­քով չորս ա­հա­բե­կիչ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Քա­յա­փը­նա­րի մէջ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2015