«ԿԱԶՓՐՈՄ»Ի ՀԵՏ ԿԱՅՈՒՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Ռուսաստանի կազի ընկերութեան «Կազփրոմ»ի վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլեր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեանի մօտ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին քննարկուեցաւ հայ-ռուսական ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւններու եւ միջպետական համագործակցութեան կարեւոր բաղադրիչներէն ուժանիւթի, մանաւանդ՝ բնական կազի ոլորտին հետ առընչակից զանազան հարցեր։ Ընդգծուեցաւ, որ այս նիւթը երկու երկիրներու նախագահներուն՝ Սերժ Սարգսեանի եւ Վլատիմիր Փութինի երկկողմանի պարբերական հանդիպումներուն ժամանակ միշտ կը գտնուի օրակարգի վրայ։ Երէկուան զրոյցին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամնակցութիւնը Հայաստանի առջեւ նոր հեռանկարներ կը բանայ՝ փոխշահաւէտ համագործակցութեան եւ տնտեսական գետնի վրայ մրցունակութեան բարձրացման տեսակէտէ։ Այս բոլոր հանգամանքները ուղղակիօրէն կ՚առընչուին նաեւ ուժանիւթի բնագաւառին։ Հետեւաբար, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած բնական կազի վերաբերեալ համաձայնագրին։ Շօշափուեցան բնական կազի սակագինը զեղչելու վերաբերեալ հնարաւորութիւնները։ Ալեքսէյ Միլլեր ներկայացուց նաեւ «Կազփրոմ-Արմենիա» ընկերութեան միջոցաւ Հայաստանի մէջ ռուսական ընկերութեան ծաւալած գործունէութիւնը, կատարած ներդրումները, յառաջիկայի համար մշակուած ծրագրերը։ Այս ամբողջին մէջ կարեւոր տեղ պիտի զբաղեցնեն նաեւ ընկերային բնոյթով նախագծերը։
Իսկ Կարէն Կարապետեանի մօտ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին կողմերը քննարկեցին ուժանիւթի ոլորտէն ներս հայ-ռուսական համագործակցութեան, զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ «Կազփրոմ»ի գործունէութեան վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ։ Վարչապետ Կարապետեան արդիւնաւէտ գնահատեց «Կազփրոմ-Արմենիա»ի միջոցաւ Հայաստանէ ներս այս ոլորտի զարգացման ուղղեալ կազաուժանիւթային ծրագրերը։ Ընդգծուեցաւ, որ «Կազփրոմ»ը Հայաստանի մէջ ունի ամենախոշոր ներդրումային ծրարը։ Կարապետեանի խօսքերով, Հայաստանի ուժանիւթի անվտանգութեան ուղղեալ ծրագրերը, անխափան կազամատակարարման ապահովումը, իրականացուած ներդրումային խոշոր ծրագրերը կեանքի կոչուած են «Կազփրոմ»ի ղեկավարութեան պատրաստակամութեան եւ անմիջական ջանքերուն շնորհիւ։
Իր կարգին, Ալեքսէյ Միլլեր շնորհաւորեց Կարէն Կարապետեանը՝ Հայաստանի վարչապետ նշանակուելուն կապակցութեամբ ու մաղթեց արդիւնաւէտ գործունէութիւն։ Արձանագրելով ծաւալուած երկարատեւ աշխատանքի դրական արդիւնքները՝ Միլլեր ընդգծեց, որ Հայաստան ունի բնական կազի մատակարարման մեծ ցանց մը, արդարեւ 96 տոկոսի հասած է երկրէն ներս կազի բաշխումը։ Սա բարձր մակարդակ մըն է եւ երկիրը ունի նաեւ կազամատակարարման լուրջ համակարգ մը։ Միլլեր վստահեցուց, որ «Կազփրոմ» ապագային եւս պատրաստ է Հայաստանի մէջ իրականացնել իր առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները։ Միլլեր խօսեցաւ նաեւ «Կազփրոմ-Արմենիա» ընկերութեան գործունէութեան տեսակաւորման առանձնայատկութեան մասին։ Ան կարեւորեց Հրազդանի ջրաելեկտրակայանի հինգերորդ պլոքի եւ Աբովեան քաղաքի ստորգետնեայ կազապահեստ-կայանի հետագայ շահագործման արդիւնաւէտութիւնը։ Միլլեր ընդգծեց «Կազփրոմ»ի գործունէութեան ընկերային պատասխանատուութեան բաղադրիչը։ Ըստ իրեն, ընթացքի մէջ է բազմակողմանի հնարաւորութիւններով ուսումնամարզական համալիրի մը շինարարութիւնը, որ «Կազփրոմ»ի ներդրումն է Հայաստանի երիտասարդ սերունդի ապագային համար։
Զրոյցի աւարտին Կարէն Կարապետեան Ալեքսէյ Միլլերը պարգեւատրեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի յուշամետայլով՝ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական կապերու զարգացման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ ներդրուած նշանակալի աւանդին համար։