ԿԻՒԼԹԱՆ ՔԸՇԱՆԱՔ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ
Տիարպաքըրի գլխաւոր քաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաք առնուեցաւ հսկողութեան տակ՝ ահաբեկչութեան հարցաքննութեան շրջագծով։ Նոյնպէս ձերբակալուեցաւ նաեւ համաքաղաքապետ Ֆըրաթ Անլը։
Քըշանաք երէկ Անգարայի մէջ ներկայացած էր Ազգային մեծ ժողովի պետական հարուածի հարցաքննութեան յանձնաժողովին։ Ցուցմունքներ տալէ վերջ ան երեկոյեան ժամերուն վերադարձաւ Տիարպաքըր, ուր օդանաւէն դուրս գալէ վերջ հսկողութեան տակ առնուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ։ Տիարպաքըրի Հանրապետական աւագ դատախազութեան կողմէ ձեռնարկուած հակաահաբեկչական քննութեան մը ծիրէն ներս հսկողութեան տակ առնուած Քըշանաք եւ Անլը տարուեցան Անվտանգութեան տնօրէնութիւն։ Ոստիկանութիւնը միեւնոյն ժամանակ խուզարկումներ կատարեց քաղաքապետարանէն եւ երկու ձերբակալեալներու բնակարանէն ներս։
Ոստիկանութիւնը անվտանգութեան շատ խիստ միջոցներ ձեռք առած է եւ թոյլ չի տրուիր, որպէսզի ոեւէ մէկը մօտենայ քաղաքապետարան։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ՀՏՓ-ական շարք մը երեսփոխաններ ալ անմիջապէս փութացած են Տիարպաքըրի քաղաքապետարան, իրենց հետ ունենալով նաեւ շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։