ՄԱԼԹԱՅԻ ԻՇԽԱՆԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի Արքայազն ու Մեծ Վարպետ Ֆրա Մեթիու Ֆեսթինկ աւարտեց դէպի Երեւան պաշտօնական այցելութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Այս առթիւ Մալթայի իշխանին համար երէկ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի արարողութիւն։ Ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին առանձնազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Նախագահ Սարգսեանի եւ Մալթայի իշխանին միջեւ։ Ֆրա Մեթիու Ֆեսթինկ բարձր գնահատեց իր շփումներուն շրջագծով տեղի ունեցած բանակցութիւններու արդիւնքները ու շեշտեց, թէ այցելութիւնը նոր էջ մը պիտի բանայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ, խթան պիտի հանդիսանայ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարակայ ոլորտներէն ներս համագործակցութեան խորացման։ Հարկ է նշել, որ Մալթայի իշխանը քառօրեայ այցելութիւն մը իրականացուց դէպի Հայաստան եւ այս ընթացքին երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուելու առընթեր ան այցելեց ընկերամշակութային կամ առողջապահական բնագաւառի՝ յատուկ առաքելութեամբ շարք մը հաստատութիւններ։