ՈՒՔՐԱՅՆՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄԸ ԶՈՀ

Ուք­րայ­նոյ Մե­լի­թո­փոլ քա­ղա­քին մէջ ծա­գած հրաձ­գու­թեան մը հե­տե­ւան­քով զո­հուե­ցան հայ մը եւ վրա­ցի մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, զո­հե­րու ա­նուն­ներն են՝ Սար­գիս Պաղ­տա­սա­րեան եւ Զու­րապ Օ­նա­նի­զի։

Ըստ շրջա­նի դա­տա­խա­զու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րուն, սա քրէա­կան աշ­խար­հի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մի­ջեւ ծա­գած դէպք մը չէ։ Հրաձ­գու­թիւ­նը եր­կու ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ծայ­րա­յե­ղու­թեան պատ­ճա­ռով ծա­գած է։ Ա­նոնք նա­խա­պէս չեն ու­նե­ցած քրէա­կան ան­ցեալ, չեն դա­տա­պար­տուած, իսկ ներ­կայ հրաձ­գու­թիւ­նը ծա­գած է աղջ­կան մը պատ­ճա­ռով։ Վեց հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ խումբ մը կէս գի­շե­րին գի­նով վի­ճա­կի մը մէջ սկսած է հրաձ­գու­թեան։ Յի­շեալ վեց հո­գիէն բո­լո­րին ալ ինք­նու­թիւ­նը ճշդուած է։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016