ՊԱՀՊԱՆԵԼ ՀՐԱԴԱԴԱՐԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Փիէռ Անտ­րիու (Ֆրան­սա), նաեւ շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չիկ ե­րէկ ա­ւար­տե­ցին ի­րենց ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը՝ դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ Այ­ցե­լու­թեան վեր­ջին փու­լին միջ­նորդ­նե­րը ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Հա­յաս­տա­նի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Ա­նոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին։

Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեա­նի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նա­խա­գահ Սարգ­սեան միջ­նորդ­նե­րուն հետ քննար­կեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին եւ առ­կայ խնդիր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը Սերժ Սարգ­սեա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցին Պա­քուի եւ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ ի­րենց ու­նե­ցած վեր­ջին հան­դի­պում­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը։ Կա­րե­ւո­րուե­ցաւ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցէն ներս հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ կող­մե­րուն հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը, Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ բարձր մա­կար­դա­կի վրայ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու կա­տա­րուի­լը։

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի մօտ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ շարք մը հար­ցե­րու։ Նա­խա­րա­րը այս ա­ռու­մով ընդգ­ծեց, որ Ատըր-պէյ­ճան քա­նի մը ա­մի­սէ ի վեր կը մեր­ժէ ի­րա­կա­նաց­նել Վիեն-­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը՝ այս­պէ­սով իսկ խո­չըն­դո­տե­լով բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու ուղ­ղեալ հա­մա­պա­տաս­խան պայ­ման­նե­րու ստեղ­ծու­մը։ Ըստ Նալ­պան­տեա­նի, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը ուղ­ղած են բազ­մա­թիւ կո­չեր՝ որ­պէս­զի կող­մե­րը զերծ մնան ա­ռա­ւե­լա­պաշ­տա­կան ու սադ­րիչ հռե­տո­րա­բա­նու­թե­նէ եւ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէ։ Հա­կա­ռակ այս բո­լո­րին Պա­քու կը շա­րու­նա­կէ այդ գոր­ծե­լաո­ճը, ո­րու թարմ ա­պա­ցոյցն են վեր­ջին օ­րե­րուն բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի էու­թիւ­նը եւ ո­գին խե­ղա­թիւ­րող Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը՝ ո­րոնք միան­շա­նակ վնա­սա­կար են բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին հա­մար։

Իր կար­գին, Վի­գէն Սարգ­ըս-եանն ալ միջ­նորդ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ ընդգ­ծեց, որ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մէջ յա­ռա­ջըն­թաց ա­պա­հո­վե­լու հա­մար կա­րե­ւոր է հրա­դա­դա­րի ան­վե­րա­պահ պահ­պա­նու­մը։ Նա­խա­րա­րը ներ­կա­յա­ցուց բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ծալ­քե­րը եւ հայ-ա­զէ­րի հա­կա­մարտ զօր­քե­րու շփման գծին ի­րա­վի­ճա­կը։ Ըստ Վի­գէն Սարգ­սեա­նի, ան­ցեալ Ապ­րի­լի ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն յե­տոյ ալ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ ա­պա­կա­յու­նաց­նել շփման գծի վրայ ի­րա­վի­ճա­կը, կրա­կոց­նե­րը կ՚ա­ճին պար­բե­րա­բար, կը մեծ­նայ կի­րա­ռուող զէն­քե­րուն տրա­մա­չա­փը՝ պատ-­ճառ դառ­նա­լով նոր զո­հե­րու։ Հե­տե­ւա­բար Հա­յաս­տան կը կա­րե­ւո­րէ շփման գծի վրայ հրա­դա­դա­րի ան­վե­րա­պահ պահ­պա­նու­մը եւ հա­կա­մարտ կող­մե­րու մի­ջեւ վստա­հու­թեան ամ­րապն­դու­մը՝ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցէն ներս յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րե­լու տե­սա­կէ­տէ։ Կող­մե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րու՝ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը շա­րու­նա­կե­լու, Ան­ճէյ Կասպր­չի­կի գործ­նա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ընդ­լայ­նե­լու ու­ղի­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։

Միջ­նորդ­նե­րու Ե­րե­ւա­նի շփում­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ ե­րէկ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քեց Ճէյմս Ո­ւոր­լիք՝ Ե­րե­ւա­նի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պա­նա­տան մէջ։ Ըստ ի­րեն, հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը յոյս ու­նին, որ հրա­դա­դա­րի նկատ­մամբ յար­գան­քը եր­կար կը պահ­պա­նուի։ Բաց աս­տի, Ո­ւոր­լի­քի խօս­քե­րով, Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րը՝ Սերժ Սարգ­սեան եւ Իլ­համ Ա­լիեւ պէտք է յանձ­նա­ռու­թիւն ստանձ­նեն՝ վա­րե­լու հա­մար այն­պի­սի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ, ո­րոնք պի­տի ա­պա­հո­վեն վերջ­նա­կան կար­գա­ւո­րու­մը։ «Մենք կ՚ու­զենք տես­նել քա­ղա­քա­կան կամք կող­մե­րուն մօտ ու կը կար­ծենք, որ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ա­ռիթ պի­տի ու­նե­նան յա­ռա­ջի­կա­յին հան­դի­պե­լու», ը­սաւ Ո­ւոր­լիք, ո­րու կար­ծի­քով հա­յե­րու եւ ա­զէ­րի­նե­րու ե­րա­զանքն է՝ կա­րե­նալ կողք կող­քի ապ­րիլ խա­ղաղ ու անվը-­տանգ։ Միջ­նորդ­նե­րու ջան­քե­րը ուղ­ղուած են այս նպա­տա­կին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ար­ժա­նի են խա­ղա­ղու­թեան մէջ ապ­րե­լու։ «Մենք կ՚ու­զենք կրկնա­պատ­կել մեր ջան­քե­րը, հաս­նե­լու հա­մար կար­գա­ւոր­ման մը, որ ըն­դու­նե­լի պի­տի ըլ­լայ եր­կու կող­մե­րուն հա­մար։ Կը յու­սամ, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու յա­ռա­ջըն­թա­ցին զու­գա­հեռ մարդ­կա­յին շփում­նե­րու ա­ռու­մով ալ պի­տի տես­նենք յա­ռա­ջըն­թաց։ Ապ­րի­լին բո­լորս ա­կա­նա­տես ե­ղանք իս­կա­կան ող­բեր­գու­թեան մը, որ խլեց կեան­քեր։ Սա ցոյց կու տայ, որ խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ու­նին մեծ նշա­նա­կու­թիւն։ Ապ­րի­լի ող­բեր­գու­թե­նէն յե­տոյ շփման գի­ծը հնա­րա­ւո­րինս հան­գիստ ե­ղած է եւ նոյ­նիսկ մէկ զո­հը ար­դէն չա­փէն շատ է։ Յոյս ու­նինք, որ հրա­դա­դա­րի նկատ­մամբ յար­գան­քը եր­կար պի­տի պահ­պա­նուի», ը­սաւ Ո­ւոր­լիք եւ ընդգծեց, թէ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը ձգտին յա­ռաջ շար­ժիլ եւ լու­ծում գտնել բա­ցա­ռա­պէս բա­նակ­ցա­յին ճա­նա­պար­հով։ «Ես Պա­քուի մէջ ը­սի՝ ե­թէ ոչ հի­մա, ա­պա՝ երբ։ Մենք կ՚ու­զենք տես­նել քա­ղա­քա­կան կամք նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ եւ վստահ եմ, որ այդ կամ­քով մենք պի­տի կա­րե­նանք յա­ռա­ջըն­թաց ու­նե­նալ», ա­ւել­ցուց Ո­ւոր­լիք։

Ե­րե­ւա­նի մէջ ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, որ միջ­նորդ­նե­րու տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին քննար­կում­ներ կը ծա­ւա­լուին ԵԱՀԿ-ի դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ընդ­լայն­ման հար­ցին շուրջ։ Ըստ ի­րեն, եր­կու նա­խա­գահ­ներն ալ հա­մա­ձայն են յա­ռաջ ըն­թա­նալ խա­ղա­ղու­թեան ճա­նա­պար­հով։ Ո­ւոր­լիք շեշ­տեց, որ Ար­ցա­խի կար­գա­վի­ճա­կի հար­ցը քննար­կում­նե­րու փու­լի մէջ է եւ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի վերջ­նա­կան կար­գա­ւոր­ման։ Ան յոյս յայտ­նեց, թէ խնդի­րը պի­տի քննար­կուի նաեւ հան­րա­յին մա­կար­դա­կի վրայ։

Տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին միջ­նորդ­նե­րուն կող­մէ հրա­պա­րա­կուած հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ալ ընդգ­ծուե­ցաւ նա­խա­գահ­նե­րու հա­ւա­նա­կան նոր հան­դիպ­ման մը հար­ցը։ «Ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով նման երկ­խօ­սու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րե­լու նպա­տա­կով», մատ­նան­շուած է միջ­նորդ­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։ Տե­ղե­կա­ցուած է նաեւ, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը Դեկ­տեմ­բե­րի սկիզ­բին պի­տի տե­սակ­ցին Համ­պուր­կի մէջ՝ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու տա­րե­կան հա­ւա­քին շրջագ­ծով։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016