ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ յոբելենական համերգ մը։ «Չայքովսքի» միջազգային մասնագիտական երաժշտական դպրոցի հիմնադրութեան 80-ամեակին ձօնուած փառաշուք ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ Հանդիսաւոր երեկոյթը տեղի ունեցաւ միջազգային հիւրերու մասնակցութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Չայքովսքի» դպրոցի եւ Ժընեւի երաժշտանոցի նուագախումբերը միասնաբար հանդէս եկան այս ձեռնարկի ընթացքին։ Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ երկու փուլով։ Խումբերը վարեցին Ժընեւէն ժամանած Խուան Տավիտ Մոլանօ եւ Ռուբէն Ասատրեան։

Հանդիսաւոր համերգին ներկայ գտնուեցան պաշտօնական հիւրեր, արուեստագէտներ, դիւանագէտներ եւ երաժշտասէրներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2019