ԱՐԴԷՆ ԱՄԻՍ ՄԸ ԵՂԱՒ

Արցախի լայնածաւալ պատերազմը արդէն ընթացքի մէջ է ամիսէ մը ի վեր։ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ շաբաթներէ ի վեր կը տիրէ սարսափելի կացութիւն մը։ Մէկ կողմէ մարդկային տեսակէտէ մեծ ողբերգութիւն մը յառաջացած է, իսկ միւս կողմէ ռազմաճակատի վրայ թէժ մարտեր կը մղուին՝ հինգերորդ սերունդի պատերազմի մը բնորոշ երեւոյթներով։ Հակառակ շահագրգիռ կողմերէն հնչած կոչերուն, միջազգային ընտանիքի յամառ ակնկալութիւններուն, հրադադար հաստատելու կարելիութիւն չ՚ըլլար։ Կռիւները որքան որ կը շարունակուին՝ յոռետեսութիւնը, անորոշութիւնը, խաղաղութեան համար թերահաւատութիւնը այնքան կը խորանան եւ փոխադարձ անվստահութեան զուգահեռ փոխադարձ զիջումներու կամքն ալ կը մաշի։ Սա իսկապէս յղի է ամենամտահոգիչ ու ամենավտանգաւոր հեռանկարներու։

Առկայ իրավիճակին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին տեսակէտէ բոլորի ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Ուաշինկթընի շաբաթավերջի իրադարձութիւններուն վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վարչախումբը հիւրընկալեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ու Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ եւ նախագահ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը՝ Ռապըրթ Օպրայան իրերայաջորդ հանդիպումներ ունեցան Մնացականեանի եւ Պայրամովի հետ։ Ուաշինկթընի մէջ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։ Լայնածաւալ պատերազմի պայմաններուն ներքեւ իսկապէս խտացեալ դիւանագիտական աշխատանք մը տարուեցաւ։ Ռուսաստանէն եւ Ֆրանսայէն վերջ, այս անգամ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրը՝ ԱՄՆ գործադրեց մեծ ջանքեր։ Ի վերջոյ, երէկ ուշ գիշերին յայտարարուեցաւ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան վերահաստատած են մարդասիրական հրադադարի որոշումը։ Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթներ առաջ Մոսկուայի մէջ յայտարարուած էր մարդասիրական հրադադար մը, որ շաբաթ մը անց վերահաստատուած էր Փարիզի խրախուսանքով։ Ցայսօր երկու անգամ ձախողած այս հրադադարը Ուաշինկթընի ջանքերով երրորդ անգամ վերահաստատուեցաւ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը՝ տեղեկութիւններ փոխանցելով Ուաշինկթընի շփումներուն կապակցութեամբ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու առընթեր, անոնք ալ շաբաթավերջին հանդիպումներ ունեցած էին Մնացականեանի եւ Պայրամովի հետ։ Բաց աստի, Ուաշինկթընի մէջ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալներէն Սթիվըն Պիկանի ներկայութեամբ հանդիպում մըն ալ ունեցած են Մնացականեան եւ Պայրամով։ Համանախագահները այդ տեսակցութեան ալ ներկայ գտնուած են։ Խտացեալ բանակցութիւններու ընթացքին միջնորդները եւ նախարարները քննարկած են անյապաղ ձեւով մարդասիրական հրադադար մը հաստատելու խնդիրը, այդ մէկը վերահսկելու հնարաւոր չափորոշիչները, ինչպէս նաեւ յարատեւ խաղաղութեան ուղղեալ հիմնարար բովանդակային բանակցութիւններու սկսելու հնարաւորութիւնները։ Ըստ Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան, այս առաւօտ ժամը 08.00-ին մարդասիրական հրադադար մը պէտք է հաստատուէր ռազմաճակատի վրայ։ ԱՄՆ-ի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնները պաշտօնական յայտարարութիւն մըն ալ ըրին այս մասին։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները նաեւ տեղեկացուցին, որ այս հինգշաբթի՝ հոկտեմբերի 29-ին Մնացականեան եւ Պայրամով Ժընեւի մէջ դարձեալ հանդիպում մը ունենալու համար համաձայնած են։ Սա պիտի ըլլայ կարեւոր ժամադրութիւն մը արդարեւ, անոնք պիտի փորձեն հասնելու համաձայնութեան մը եւ որդեգրել ժամանակացոյց մը, որ տակաւին պէտք է ընդունուի։ Կողմերը կը նախատեսեն սկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ գործընթացի մը՝ համաձայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն համար ընդունելի հիմնարար սկզբունքներու։ Հարկ է նշել, որ արդէն համաձայնեցուած հիմնարար սկզբունքներ գոյութիւն ունին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։

Յամենայնդէպս, հակամարտութեան գօտիէն այս առաւօտեան դրութեամբ կատարուած հաղորդումները կը մատնանշեն հերթական յուսախաբութիւն մը։ Մարդասիրական հրադադարի համաձայնութիւնը թէեւ այս առաւօտեան ժամերուն պիտի մտնէր ուժի մէջ, սակայն դաշտի վրայ սպասումները չեն արդարացած։ Անշուշտ, հակամարտ կողմերը խախտումներու համար զիրար կը մեղադրեն։ Այդպիսի ամբաստանութիւնները արդէն ընթացիկ դարձած են՝ անցեալ մէկ ամսուան ընթացքին ապրուածներու լոյսին տակ։ Հակամարտութեան գօտիէն ներս հակառակ հրադադարին, տեղի կ՚ունենան բախումներ։ Արցախի աղբիւրներու հաղորդումներով, Պաքու միշտ խախտումներ կը կատարէ եւ իր զօրքերը կ՚իրականացնեն նոր յարձակումներ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան յայտնեց, որ ժամը 08.45-ին Ատրպէյճանի բանակը հրետանային կրակ բացած է Արցախի հիւսիս-արեւելեան դիրքերուն վրայ։ Ժամը 09.10-ին ալ Ատրպէյճանի բանակը թիրախաւորած է ռազմաճակատի հարաւ-արեւելեան ուղղութեան դիրքերը։ Արցախի նախագահի բանբերը՝ Վահրամ Պօղոսեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան արդէն երրորդ անգամ կոպտօրէն կը խախտէ մարդասիրական հրադադարի համաձայնութիւնը։ Ստեփանակերտէն հասած լուրերով՝ Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերն ալ կէսօրուան մօտ շարունակած են խաղաղ բնակավայրերու վրայ յարձակում գործել՝ մասնաւորապէս Մարտունի քաղաքը թիրախաւորելով։

Այս բոլորը մինչ խոր մտահոգութեան պատճառ դարձան, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը։ Ան շեշտեց, որ հայկական կողմը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ հրադադարի դրութեան։ Փաշինեան առանձին խափանարարութիւններ որակեց հրադադարի ժամկէտէն վերջ պատահած դէպքերը եւ շեշտեց, որ ընդհանուր առմամբ կը պահպանուի մարդասիրական հրադադարը։

Հարկ է նշել, որ Ուաշինկթընի մէջ առնուած որոշումներէն վերջ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը շնորհաւորեց հրադադարի համաձայնութեան համար։ Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսն ալ ողջունեց՝ արդէն երրորդ անգամ վերահաստատուած հրադադարը։

Միւս կողմէ, Երեւանի կարգ մը աղբիւրներ այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի վրայ ալ, Կիւմրիի օդակայանէն շուրջ 25 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ՝ թրքական ռազմաօդային ուժերու անօդաչու թռչող սարք մը հետախուզական թռիչք իրականացուցած է։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2020