ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԷՆ ԿՈՉ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հերթական հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Այս առթիւ ան նշեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ հնարաւորինս աջակցիլ եղբայրական Ատրպէյճանին, որպէսզի ան ազատէ իր հողերը։

Ալիեւ շաբաթավերջին հարցազրոյց մը տուաւ ամերիկեան «Fox News» հեռուստակայանին։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճան պատրաստ է հրադադար հռչակելու, սակայն այս բանին համար Հայաստան պէտք է ապացուցանէ, թէ եկած է ճիշդ ճանապարհին։ Ըստ Ալիեւի, ով որ ալ ըլլայ՝ Պաքու կողմնակից չէ կորուստներու։ Սակայն, հրադադարի համար Հայաստանի վարչապետը պէտք է յայտարարէ, որ հաւատարիմ կը մնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ հռչակուած քաղաքական լուծման հիմնական սկզբունքներուն, որոնք կ՚երաշխաւորեն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ալիեւ յիշեցուց, որ Հայաստանի վարչապետը քանի մը օր առաջ յայտարարած էր՝ թէ հակամարտութիւնը դիւանագիտական լուծում չունի։

Իլհամ Ալիեւի այս յայտարարութիւններուն անմիջապէս արձագանգեց Երեւանի ղեկավարութիւնը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան ըսաւ, որ իրականութեան մէջ Ատրպէյճան կը հրաժարի ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն, դրսեւորելով առաւելապաշտ մօտեցում։ «Հայաստանի վարչապետը բազմիցս յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման պատրաստակամութեան եւ անհրաժեշտութեան մասին՝ փոխզիջումներու հիման վրայ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակին մէջ», ըսաւ բանբերը։

«Սփութնիկ Արմենիա»ի հետ զրուցելու ժամանակ Մանէ Գէորգեան նշեց, որ Ատրպէյճան մէկէ աւելի անգամ խախտած է մարդասիրական հրադադարը եւ այդ համայնապատկերին վրայ Ալիեւի խօսքերը կը նմանին բառախաղի։

ԼԱՒՐՈՎԻ ԿՈՉԸ

Միւս կողմէ, Մոսկուա կոչ ուղղեց Անգարային, որպէսզի իր ազդեցութիւնը օգտագործէ՝ ի շահ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակի դադրեցման եւ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ բովանդակալից բանակցութիւններու սկիզբին։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը անթոյլատրելի կը համարէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի ռազմական լուծումը եւ կոչ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ նոյն ուղղութեամբ։ Ըստ Լաւրովի, ռուսական կողմը չ՚աջակցիր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծելու դիրքորոշման։

«Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ պատմութեան մէջ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը ունին նրբերանգներ։ Չենք թաքցներ, որ չենք աջակցիր այս խնդրի ռազմական լուծման հաւանականութեան եւ թոյլատրելիութեան վերաբերեալ դիրքորոշման։ Թէ՛ հայ եւ թէ ատրպէյճանցի ժողովուրդները կ՚ընկալենք՝ որպէս բարեկամ ու եղբայր, մենք չենք կրնար բաժնել նման ձգտումները», ըսաւ Լաւրով։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ռուս նախարարը յիշեցուց, որ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներ՝ Ռուսաստան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա յստակ արտայայտուած են խնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ի նպաստ։ Ըստ իրեն, համանախագահներու եռեակն իսկ կը համարուի այս հակամարտութեան մէջ միջնորդութեան ընդունուած ձեւաչափը։ Ան յիշեցուց, որ հոկտեմբերի 10-ին ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու 11 ժամ տեւած խորհրդակցութիւններէն վերջ կատարուած էր համատեղ յայտարարութիւն մը, որով կը նախատեսուէր կրակի դադրեցում եւ առաւելագոյնս բովանդակալից բանակցային գործընթացի վերսկսում։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2020