ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ

«Արմէնփրէս» գործակալութեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանին միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան եւ համալսարանի վերատեսուչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Յովհաննէս Յովհաննիսեան։

Կը հաղորդուի, որ երկու կառոյցներու համագործակցութեան ծիրին մէջ այս յուշագիրով մասնաւորապէս թիրախաւորուած է համալսարանի Լրագրութեան ֆաքիւլթէն, որ Հայաստանի լրագրողներու պատրաստութեան կարեւորագոյն դարբնոցներէն մին է։ Ըստ Արամ Անանեանի, «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը պատրաստ է իր փորձառութիւնը, գիտելիքներն ու արտադրական դաշտը ի սպաս դնելու՝ Հայաստանէ ներս լրագրական կրթութեան զարգացման նպատակով։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021