ԷՐՏՈՂԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Ատրպէյճան՝ իր պաշտօնակցին՝ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ սա դէպի Ատրպէյճան Էրտողանի հերթական այցելութիւններէն մին է, որու ծրագիրը չ՚ընդգրկեր մայրաքաղաք Պաքուն։ Նախագահ Էրտողան ուղղակի կ՚ուղեւորուի այն տարածքները, որոնք պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած են։

Կը հաղորդուի, որ Էրտողան եւ Ալիեւ այս անգամ միասնաբար կ՚այցելեն Ֆիզուլի եւ Զանգելան քաղաքները։ Անոնք Ֆիզուլիի մէջ ներկայ կը գտնուին միջազգային օդակայանի բացման։ Զանգելանի մէջ նախագահները կը մասնակցին «Սմարթ Աքրոփարք»ի հիմնարկէքի արարողութեան։ Այս ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի Թուրքիոյ աջակցութեամբ։

Էրտողան եւ Ալիեւ հանդիպման ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ ալ կ՚ունենան տարածքաշրջանի իրադրութեան եւ միջազգային օրակարգի արդի հարցերուն շուրջ։

Նախագահ Էրտողան վերջին օրերուն յայտարարած էր, որ Զանգեզուրի միջանցքի բացման հարցին շուրջ Անգարայի դիրքորոշման մէջ փոփոխութիւն խնդրոյ առարկայ չէ։ Էրտողանի այս օրուայ այցելութեան ընդառաջ, Իլհամ Ալիեւն ալ Առաջին տիկին Միհրիպան Ալիեւայի հետ այցելեց Քուպաթլուի շրջանը, ուր մասնակցեցաւ նոր ճանապարհներու կառուցման հիմնարկէքի արարողութեան։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ 12 նոյեմբերին ալ Իլհամ Ալիեւ պիտի այցելէ Իսթանպուլ՝ մասնակցելու համար Թրքական խորհուրդի անդամ պետութիւններու 8-րդ գագաթաժողովին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021