ԼՈՒՐՋ ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովը որոշեց փակ նիստի մը ընթացքին քննարկել Ատրպէյճանի հետ շփման գծի վրայ առկայ իրավիճակն ու սահմանազատման խնդիրները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտնեց, որ երեսփոխաններու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ հինգերորդը առաջարկած է՝ հասարակական հետաքրքրութեան առարկայ այս խնդրին առընչութեամբ հրատապ քննարկում իրականացնել փակ նիստի ժամանակ։ Համապատասխան որոշման նախագիծին կողմնակից եղաւ 63 պատգամաւոր, 17 երեսփոխան ալ մնաց ձեռնպահ։ Առաջարկուեցաւ յարակից զեկուցման հնարաւորութիւն տալ Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի առաջին տեղակալ Կամօ Քոչունցին եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու հրամանատար Արման Մարալչեանին։ Այս առաջարկներուն վերաբերեալ նախագիծն ալ արժանացաւ հաւանութեան։

Երէկ, 2022 թուականի պետական պիւտճէի քննարկումներուն ժամանակ, խորհրդարանի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ Հայաստան տարածքներ նուաճելու մտադրութիւն չունի։ Խաղաղասէր բոլոր պետութիւններուն նման՝ Հայաստան կը ձգտի իր զինեալ ուժերը զարգացնել ու վերափոխել բռնութիւններու դէմ պաշտպանուելու համար։ Փաշինեան վերջին շրջանին մէկէ աւելի անգամ յայտնած է այս մասին։

Միւս կողմէ, վերջին օրերուն յաճախ օրակարգի վրայ կու գան լուրեր, ըստ որոնց յառաջիկայ ամսուայ առաջին կէսին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է եռակողմանի գագաթաժողով մը՝ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ։ Երեւանի եւ Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները արձագանգած են լրահոսի վրայ յայտնուած այս տեղեկութիւններուն։ Ըստ էութեան պաշտօնական արձագանգներուն մէջ եռակողմանի այդ հանդիպման վերաբերեալ լուրերը ո՛չ կը հերքուին, ո՛չ ալ կը հաստատուին։ Հաղորդումներուն մէջ կը պնդուի նաեւ, որ Փաշինեան, Փութին եւ Ալիեւ այդ բանակցութիւններու հիման վրայ կը պատրաստուին նոր յայտարարութիւնով մը հանդէս գալ։

Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին Արցախի երկրորդ պատերազմի հրադադարէն ի վեր օրակարգի վրայ կը գտնուի Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման խնդիրը։ Հայկական կողմը այս հարցը կ՚ընկալէ ընդհանրապէս տարածքաշրջանային ամբողջի մը մէջ, իսկ ատրպէյճանական կողմը խնդիրը կ՚ըմբռնէ՝ դէպի Նախիջեւան, Սիւնիքի մարզի վրայով միջանցքի մը հաստատման առանցքով։ Երեւանի եւ Պաքուի դիրքորոշումները այս առումով ունին հակադիր բնոյթ։ Հետեւաբար, վերոյիշեալ գագաթաժողովի վերաբերեալ լուրերը հայկական հանրային կարծիքին մօտ մտահոգութեամբ կ՚ընկալուին՝ հաշուի առնելով, որ վարչապետ Փաշինեան շատ յաճախ ճակատագրական բնոյթով փաստաթուղթեր կը ստորագրէ թափանցիկութենէն բաւական հեռու գործելաոճով։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021