ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը այս օրերուն հովուապետական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուղեւորութեան ծրագրի առանցքային փուլերը նախատեսուած են Ուաշինկթընի մէջ, ուր Յունաց Պատրիարքը ժամադրուած է ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի, պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի, Թուրքիոյ եւ Յունաստանի դեսպաններուն եւ այլ յառաջատար դէմքերու հետ։ Նոյն ծիրին մէջ տեղի կ՚ունենան նաեւ միջեկեղեցական զանազան հանդիպումներ։

Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի ընկերակից պատուիրակութեան կազմին մէջ է Թուրքիոյ յոյն համայնքի յառաջատար դէմքերէն Լաքի Վինկաս։

Նորին Սրբութեան այցելութեան առթիւ կազմակերպուած էքիւմենիք բնոյթով ձեռնարկներէն մէկուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, որ մօտաւոր անցեալին վարած էր նաեւ ԱՄՆ-ի Ազգային եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահի պաշտօնը։ Ընդունելութեան ընթացքին Նորին Սրբազնութեան եւ Լաքի Վինկասի միջեւ տեղի ունեցաւ անմիջական զրոյց մը։

Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ու Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը հանդիպում մը ունեցած էին Վատիկանի մէջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021