ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՍԵՒԱՆ ՆՇԱՆԵԱՆ ԱՆԲԱՂՁԱԼԻ ԱՆՁ ՀՌՉԱԿՈՒԱԾ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Պատմաբան Սեւան Նշանեան Յունաստանի կողմէ անբաղձալի անձ հռչակուեցաւ։ 2017 թուականին, Ֆոչայի բաց կալանավայրէն խոյս տալով ան ապաստանած էր Եգէականի Սամոս կղզին։ Ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած զրոյցի մը ընթացքին ան տեղեկացուց, որ ուղեւորութենէ մը Աթէնք վերադարձին անակնկալի մը դէմ յանդիման մնացած է։ Արդարեւ, Յունաստանի պետական բարձրաստիճան մարմինները արգիլած են իր երկիր մուտք գործելը՝ պատճառաբանելով, որ ան ազգային անվտանգութեան տեսակէտէ վտանգաւոր անձնաւորութիւն մըն է։ Երբ Սեւան Նշանեան հետաքրքրուած է պատճառներով՝ իրեն յայտնուած է, որ սա պետական գաղտնիք է։ «Չորս տարիէ ի վեր Սամոս կղզիին մէջ քիչ թէ շատ անդորրութեամբ կեանք մը հաստատել յաջողած էի։ Ըստ երեւոյթին, Յունաստանի չորս տարուան մեր ոդիսականը հասած է իր աւարտին», ըսած է Սեւան Նշանեան։

Անբաղձալի անձ հռչակման հաւանական պատճառներուն շուրջ Սեւան Նշանեան հանդէս եկած է նաեւ ենթադրութիւններով։ Այսպէս, անցեալ տարի ան սկսած է հետազօտել հիւսիսային Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ տեղանունները, այսինքն զանազան վայրերու նախկին անունները։ Այդ ուսումնասիրութիւններու լոյսին տակ Սեւան Նշանեան յայտնաբերած է, որ հիւսիսային Յունաստանի տեղանուններու (վայրերու նախկին անուններու) կէսը թրքերէն է, իսկ կէսն ալ՝ պուլկարերէն։ Այսինքն յունարէնով գրեթէ տեղանուն մը չկայ։ Ուստի, այժմ Սեւան Նշանեան կը հետեւցնէ, որ այս երեւոյթները պետութիւններու տեսակէտէ կ՚ընկալուին չափազանց գերզգայնութեամբ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021