ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ՋԱՆՔԵՐՈՎ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ»Ը

Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան նախագահ տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի ջանքերով վերջերս հրատարակուած է նոր սերունդին ուղղեալ Ս. Գիրք մը։ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ» կը կոչուի այս հատորը, որ որակաւոր հրատարակութիւն մըն է։ Հրայր Ճէպէճեանի նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած նոյնաբնոյթ չորրորդ ծրագիրն է այս մէկը։ Մանուկներու եւ պատանիներու համար մատչելի ոճով, պատկերազարդ այս գիրքերուն շնորհիւ հայ պատանիին աւելի դիւրամատչելի ձեւով կը մատուցուի Ս. Աւետարանը։ Խմբագրման տքնաջան աշխատանքին զուգահեռ՝ Հրայր Ճէպէճեան հայթայթած է նաեւ այս նախագիծի իրականացման անհրաժեշտ պիւտճէն։ Արդարեւ, «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ» կը տրամադրուի անվճար։ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծնունդի նախօրեակին, Հրայր Ճէպէճեան համոզուած է, թէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ մանուկները կրնան ուրախանալ այսպիսի սրտաբուխ նուէրով մը։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը միշտ ալ լաւագոյն նուէր մը կը նկատուի բոլոր սերունդներէ մարդոց համար։ Բացի Լիբանանէն եւ Սուրիայէն, սփիւռքի այլ գաղութներէն ներս ալ կը ծրագրուի այս նոր գիրքը անվճար տրամադրել հայ պատանիներուն։

Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի նախաձեռնութեամբ եւ դրսեւորած կամքով՝ Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւնը ցայսօր չորս մանկապատանեկան Աստուածաշունչ լոյս ընծայած է հայ պատանիին համար։ Անոնք են. «Մանկա-Մեսիա», «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը», «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» եւ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»։

«Կեանքի մեծ հարցումները փոքրիկ ընթերցողներու համար» կարգախօսով պատրաստուած է այս գիրքը, որու բովանդակութեան մէջ կ՚արծարծուին այնպիսի հարցումներ, որոնք մանուկներու ներաշխարհին մէջ դժուար լուծելի հանելուկներ կը համարուին. օրինակ՝ ինչո՞ւ մարդիկ կը հիւանդանան ու կը մահանան, ինչո՞ւ կռիւ եւ պատերազմ կայ աշխարհի վրայ, կրնա՞ն ընտանիքներն ու բարեկամները զօրավիգ ըլլալ։ Սուզըն Ճաշ եւ Քրիստինա Շնըրլ հաւաքած են փոքրիկներու նման հարցումները եւ զանոնք ներկայացուցած՝ Աստուածաշունչի պատմութիւններուն միջոցաւ։ Այսպէսով անոնք առիթ ընձեռած են, որպէսզի փոքրիկները աւելի հարցումներ ուղղեն կամ մտածեն այս բոլորի մասին։ Այս բոլոր պատմութիւնները պարզ եւ գեղեցիկ գծանկարներու միջոցաւ ներկայացուած են Մաթիաս Ուէպըրի  կողմէ։

Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան սփիւռքեան շրջանակներու ծանօթ մտաւորական դէմք մըն է։ Ան չի սահմանափակեր իր պաշարը մամուլին բերած աշխատակցութիւնով կամ գիրքեր հեղինակելով բաժնելով, այլեւ իր մտայղացումով կեանքի կը կոչուին նման նախագիծեր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021