21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԲԱՆԱԼԻՆԵՐԸ

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան համոզուած է, թէ երկիրը կրնայ դառնալ տուն՝ բազմաթիւ նորարարութիւններու համար։

Շաբաթավերջին Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցաւ «Մտքերու հայկական երրորդ գագաթաժողով»ը, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հովանաւորութեան ներքեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ատենախօսներու շարքին էր նաեւ Մարթին Գալստեան, որ ըսաւ.

«Ապագան հիմնուած է գիտութեան եւ թեքնոլոժիներու վրայ։ Թուային թեքնոլոժիները այս երեւոյթի կեդրոնին կը գտնուին։ Հայաստան կատարեալ վայր մըն է, ուր փոխակերպման ուղղեալ լուծումներ կրնան բացայայտուիլ եւ իրականացուիլ։ Տաղանդաշատ մարդկային պաշարներով, բաց մշակոյթով, հզօրագոյն սփիւռքով Հայաստան կրնայ դառնալ տուն՝ բազմաթիւ նորարարութիւններու համար»։ Իր ելոյթին մէջ ան յոյս յայտնեց, թէ գագաթաժողովի մասնակիցները հնարաւորութիւն կ՚ունենան բացայայտելու Հայաստանի բարձր թեքնոլոժիներու ոլորտը, որ արագ կը զարգանայ։

Միեւնոյն ժամանակ, Մարթին Գալստեան բացատրեց, որ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը ախոյեան մը դարձած է ելմտական ծառայութիւններու փոխակերպման գործընթացին մէջ։ Արդարեւ, ելմտական ծառայութիւններու թուային վերափոխումը առաջնահերթ դարձած է Կեդրոնական դրամատան տեսակէտէ։ Ան վստահեցուց, թէ նաեւ դրամատունը կը կարողանայ համապատասխան հէնքեր ստեղծել թուային տնտեսութեան զարգացման համար։ Այժմ կ՚ակնկալուի համապատասխան մասնակցութիւն նաեւ մասնաւոր ոլորտի կողմէ։ Խօսքը կը վերաբերի նաեւ կլոպալ մակարդակով տաղանդներու ներգրաւման, նորագոյն փորձագիտութիւններու ներգրաւման եւ մարդկային պաշարի ներգրաւման։

«Յաջորդ կարեւորագոյն քայլը կը վերաբերի վճարման եւ հաշուարկային ծառայութիւններու թուանշանաւորման՝ այդ ծառայութիւններու որակը բարելաւելու համար հիմք ընդունելով նորարարական լուծումները։ Սա նոր թուային ելմտական ծառայութիւններու համար պիտի ստեղծէ նոր էքօհամակարգ մը։ Աշխարհ կը դառնայ փորձարկումներու համար տարրալուծարան մը եւ այն ազգերը, որոնք բաւարար համարձակութիւն կ՚ունենան այդ փորձը իրականացնելու, պիտի ստանան համապատասխան արգասիքը», նշեց Մարթին Գալստեան։

«Մտքերու հայկական գագաթաժողով»ի մասնակիցներու շարքին էին «Monthly Barometer» ամսագրի հիմնադիր Թիէրի Մալըրէ եւ Իտալիոյ նախկին վարչապետներէն, Եւրոյանձնաժողովի նախկին նախագահներէն Ռոմանօ Փրոտի։ Այս գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս ներկայացուեցաւ նաեւ յաջորդ տարի Հայաստանի մէջ նախատեսուած գիտութեան եւ արուեստի «STARMUS» վեցերորդ փառատօնի ծրագիրը։ Համավարակի հետեւանքով բազմաթիւ հեղինակաւոր մասնակիցներ գագաթաժողովի գծով հանդէս եկան առցանց։ Լիագումար նիստերու քննարկումները երկու հիմնական նիւթերու վրայ կեդրոնացան։ Անոնցմէ մին էր աշխարհի եւ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանէն ներս աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու գործընթացը, իսկ միւսը՝ թեքնոլոժիներու, մասնաւորապէս, արհեստական բանականութեան, կենսաթեքնոլոժիներու զարգացումը 21-րդ դարուն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021