ԳՈՐԾՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Անգարա եւ Երեւան յառաջիկային պիտի քննարկեն օդային ուղիղ բեռնափոխադրումներու սկսելու եւ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար բանալու վերաբերեալ հարցեր։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս, երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները՝ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան տակաւին անցեալ ամառնամուտին այս ուղղութեամբ համաձայնութեան հասած էին, սակայն, ցարդ գործնական արդիւնք մը չէր արձանագրուած։ Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան յայտարարեց, որ յառաջիկային նախատեսուած է երկու երկիրներու համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը, որու ընթացքին պիտի քննարկուին այս պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերեալ հարցեր։ Ըստ բանբերին, պատկան պետական մարմիններու ներկայացուցիչներուն միջեւ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ, Վահան Յունանեան յայտնեց, որ Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացէն ներս յատուկ ներկայացուցիչներու միջեւ յառաջիկային որեւէ նոր տեսակցութեան ուղղութեամբ համաձայնութիւն մը չկայ՝ որեւէ վայրի մէջ կամ որեւէ ժամկէտով։

Թրքական կարգ մը աղբիւրներ երէկ հաղորդած էին, որ յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ եւ հանդիպումները այլեւս պիտի շարունակուին ուղղակի երկու երկիրներուն մէջ։ Երեւանէն հնչած յայտարարութիւնները, ըստ երեւոյթին, ձեւով մը հերքումի բնոյթ ունէին խնդրոյ առարկայ հաղորդումներուն փոխարէն։ Յամենայնդէպս, յատուկ ներկայացուցիչներու մակարդակով գոյացած համաձայութեան կեանքի կոչման ուղղեալ՝ պատկան պետական մարմիններու յառաջիկայ քննարկումներուն արդեօք պիտի մասնակցի՞ն նոյնինքն յատուկ ներկայացուցիչները կամ ոչ։ Եթէ այդ հանդիպումները սահմանին վրայ նախատեսուած են, ապա առաջինը Թուրքիո՞յ մէջ պիտի ըլլայ կամ Հայաստանի։ Կողմերու վերջին հրապարակումներու լոյսին տակ չեն յստակացած այս եւ նման հարցումներու պատասխանները։

Յատուկ ներկայացուցիչներու բանակցութիւններուն արդիւնքով ձեռք բերուած այդ համաձայնութիւններու գործադրութեան տեսակէտէ Երեւանի ղեկավարութեան յառաջատար կարգ մը դէմքերուն կողմէ ցայսօր նշուած էին զանազան ժամկէտներ։ Սահմանուած այդ ժամկէտներուն որեւէ շօշափելի զարգացում չէ արձանագրուած։ Այդ համաձայնութիւններու գոյացած հանդիպումէն ի վեր որեւէ նոր տեսակցութիւն տեղի չէ ունեցած յատուկ ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Սա գործնական արդիւնքի բացակայութեա՞ն հետեւանքն է կամ այլ պատճառներ կան. այս մասին ոչինչ յայտարարուած է։ Յատուկ ներկայացուցիչներու միջեւ ուղղակի հանդիպման բացակայութեան այս ժամանակաշրջանին նախ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը, որմէ վերջ ալ անոնք իրենց առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումը ունեցան ներկայ ամսուան սկիզբին, Փրակի մէջ։ Էրտողան-Փաշինեան հանդիպման ընթացքին բանակցային սեղանին շուրջ էին նաեւ յատուկ ներկայացուցիչները՝ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան։

Ներկայ փուլի բոլոր իրադարձութիւնները, բնականաբար, կը մեկնաբանուին Էրտողան-Փաշինեան հանդիպման յաջորդած իրադրութեան համայնապատկերին վրայ։

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ վերջին օրերուն յայտարարած էր, որ եթէ Հայաստան կատարէ Ատրպէյճանի հետ համաձայնութիւններով ստանձնած պարտաւորութիւնները, ապա տարածաշրջանի կարեւոր դերակատարներէն մին պիտի դառնայ, ինչ որ օգուտ պիտի ապահովէ անոր։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2022