ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՍԵՐՏ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի յատուկ օգնական Ամանտա Սլոթի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Եւրոպայի հարցերով աւագ տնօրէնուհին է։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Երեւան-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու ընդլայնման ու զարգացման օրակարգին վերաբերեալ նիւթեր։

Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Նէտ Փրայսն ալ երէկ հերթական անգամ յայտարարութիւններ ըրաւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան շուրջ։ «Շահագրգռուած ենք տեսնել կայուն Կովկաս մը, ուր կ՚աշխատինք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ատրպէյճանի հետ», ըսաւ ան՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ Իրանի ձեռնարկած զօրավարժութիւններուն։ «Ես այս կապակցութեամբ առանձնայատուկ մեկնաբանութիւն մը չունիմ։ Ի հարկէ, մենք կը փափաքինք տեսնել եւ մենք շատ յստակ նշած ենք, որ շահագրգռուած ենք տեսնել կայուն Կովկաս մը. տարածաշրջան մը, ուր մենք կ՚աշխատինք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ատրպէյճանի հետ, որպէսզի լարուածութիւնը մեղմացնենք այդ երկու երկիրներուն միջեւ եւ աշխատինք կանխել որեւէ աւելի լայն լարուածութիւն, որ կրնայ ծագիլ», ըսաւ Նէտ Փրայս։

Հայաստանէն վերլուծաբաններ կը մատնանշեն, որ սա Ուաշինկթընի առաջին պաշտօնական արձագանգն է՝ Թեհրանի կողմէ ձեռնարկուած ռազմափորձերուն կապակցութեամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2022