ՏՔԹ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ՝ ՄՈՆՐԷԱԼԻ «ԿԷՕՆՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

Մոնրէալի «Կէօնճեան» կեդրոնին մէջ, հոկտեմբերի 13-ին տեղի ունեցած է Կոստան Զարեանի «Կղզին եւ մի մարդ» եւ Լորընս Տարելի «Պրոսպերոյի կղզին» զոյգ գործերուն միացեալ հրատարակութեան շնորհանդէսը, որուն մասնակցած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Վարդան Մատթէոսեան, որ հեղինակած է գիրքը։ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան առընթեր «Օշական» մատենաշարի հրատարակչական հիմնադրամի խմբագրական կազմին նախաձեռնութեամբ հրատարակուած էր այս գիրքը։ Յայտագրի ընթացքին խօսք առած են այդ կազմի անդամներէն գրականագէտ տքթ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան եւ բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեան։ Վարդան Մատթէոսեան, որ երեսուն տարիէ ի վեր ծաւալուն աշխատանք կը կատարէ Կոստան Զարեանի կեանքի եւ գրականութեան ուսումնասիրութեան բնագաւառին մէջ եւ հեղինակած է անոր մասին սփիւռքի տարածքին լոյս տեսած առաջին մենագրութիւնը (1998), այս նոր հատորով ներկայացուցած է Զարեանի եւ Լորընս Տարելի փոխյարաբերութեան թղթածրարը՝ նիւթերու մանրամասն ծանօթագրութեամբ։ Այս մէկը Վարդան Մատթէոսեանի այս տարի լոյս տեսած չորրորդ գիրքն է։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք հեղինակաւոր մտաւորական, նաեւ մեր սիրելի բարեկամ Վարդան Մատթէոսեանը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2022