ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՍԵՐՊԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ Սեր­պիոյ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Պրա­թիս­լաւ Կա­շի­չի հետ, ո­րու կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Սերժ Սարգսեան բարձր գնա­հա­տեց հայ-սեր­պա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կայ մա­կար­դա­կը՝ ընդգ­ծե­լով, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն եր­կու բա­րե­կամ պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ աշ­խուժա­ցած է քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը, թափ ստա­ցած են տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ընդ­լայ­նուած է ի­րա­ւա­պայ­մա­նագ­րա­յին դաշ­տը, խո­րա­ցած է մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Ան կա­րե­ւո­րեց ներ­կայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով եր­կու եր­կիր­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ստո­րագ­րուած, պաշտ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղեալ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ Սար-գըսեա­նի հա­մոզ­մամբ, սա ե­կած է հա­մալ­րել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան օ­րա­կար­գը՝ հիմ­քեր ստեղ­ծե­լով Հա­յաս­տա­նի եւ Սեր­պիոյ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար։

Զրու­ցա­կից­նե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ անդ­րա­դար­ձան, որ հայ-սեր­պա­կան դա­րա­ւոր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ունե­ցած են բա­րե­կա­մու­թեան բազ­մա­թիւ դրսե­ւո­րում­ներ, ո­րոնց հիմ­քին կը գտնուին պատ­մամ­շա­կու­թա­յին կա­պե­րը, միան­ման հո­գե­ւոր ար­ժէք­ներն ու փո­խա­դարձ յար­գան­քը։ Սարգ­սեան նշեց, որ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցած է ան­ցեալ Ապ­րի­լի 24-ին Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն Սեր­պիոյ Նա­խա­գահ Թո­միս­լաւ Նի­քո­լի­չի ներ­կա­յու­թիւ­նը։ Սա բա­րե­կա­մու­թեան եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան բա­ցա­ռիկ դրսե­ւո­րում մըն է, ինչ որ միշտ կը յի­շուի ու կը գնա­հա­տուի հայ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ։

Սերժ Սարգ­սեան եւ Պրա­թիս­լաւ Կա­շիչ զրոյ­ցի ժա­մա­նակ քննար­կե­ցին երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գը, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ հրա­տապ խնդիր­նե­րը։

Հիւր նա­խա­րա­րը Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան շփում­նե­րուն շրջագ­ծով հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեանն ալ իր սերպ պաշ­տօ­նակ­ցին հետ գլխա­ւո­րեց պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Նալ­պան­տեա­նի մօտ տե­ղի ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Սեր­պիոյ մի­ջեւ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն աշ­խոյժ զար­գա­ցում ար­ձա­նագ­րած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ Ընդգ­ծուե­ցաւ յա­ւե­լեալ քայ­լե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ւել զար­գաց­ման նպա­տա­կով։ Այս ա­մբող­ջին մէջ Նալ­պան­տեան կա­րե­ւո­րեց եր­կու եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­ննե­րուն մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուող հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Պրա­թիս­լաւ Կա­շիչ ընդգ­ծեց, որ Սեր­պիա Հա­յաս­տա­նը կը դի­տար­կէ որ­պէս բա­րե­կամ պե­տու­թիւն եւ հե­տաքրք­րուած է ա­նոր հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ զար­գաց­մամբ եւ ընդ­լայն­մամբ։ Ան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց Քո­սո­վա­յի հիմ­նախնդ­րին կա­պակ­ցու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի սկզբուն­քա­յին դիր­քո­րոշ­ման հա­մար, որ վեր­ջերս ար­տա­ցո­լուե­ցաւ նաեւ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի մօտ Քո­սո­վա­յի ան­դա­մակ­ցու­թեան հար­ցով տե­ղի ու­նե­ցած քուէար­կու­թեան ժա­մա­նակ։ Նալ­պան­տեան հիւ­րե­րուն ներ­կա­յա­ցուց ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նա­հար­ցի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի եւ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ յա­ռաջ տա­րուող ջան­քե­րը։

Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի մօտ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ժամանակ եւս գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նուե­ցաւ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ա­ռըն­չու­թեամբ ու կա­րե­ւո­րուե­ցաւ զա­նա­զան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ա­նոր զար­գա­ցու­մը։ Վար­չա­պե­տը մատ­նան­շեց, որ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ աշ­խու­ժա­ցած է քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը, երկ­կող­մա­նի ի­րա­ւա­պայ­մա­նագ­րա­յին դաշ­տը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուած է ու խո­րա­ցած՝ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Կա­շիչ դի­տել տուաւ, որ Սեր­պիա կը կա­րե­ւո­րէ Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մը, բազ­մո­լորտ կա­պե­րու ընդ­լայ­նումն ու սեր­տա­ցու­մը։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան շօ­շա­փուե­ցան պաշտ­պա­նու­թեան ո­լոր­տէն ներս երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Այս ծի­րին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս կա­րե­ւո­րուե­ցաւ ռազ­մա­կան բժշկու­թեան, ռազ­մա­կան կրթու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նա­կու­մը, մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Աբ­րա­հա­մեանն ալ Կա­շի­չի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին՝ շեշ­տե­լով, որ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը պէտք է կար­գա­ւո­րուի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս, խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քով։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015