ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՐՑԱԿԱՆԸ
Սուրիոյ սահմանին վրայ Թուրքիոյ կողմէ Ռուսաստանի SU-24 ռազմաօդանաւի վար առնուելուն բերումով Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ծագած լարուածութիւնը կը շարունակէ բնորոշել օրակարգը։ Երկու երկիրներու ղեկավարութիւնները թէեւ մտադրութիւն չեն յայտներ կացութիւնը բարդացնելու, սակայն գործնական քայլերը, վերջին հաշուով, միշտ կը մնան մտահոգիչ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիա մտադիր չէ լարուածութիւնը բարձրացնելու, բայց նաեւ չի հանդուրժեր իր օդային մարզի խախտման, սահմաններուն դէմ ոտնձգութեան։ Վարչապետ Տավուտօղլու եւս ըսաւ, որ թէեւ ինք տուած էր ռուսական օդանաւը վար առնելու հրահանգը, սակայն կը համարէ որ երկու երկիրները բարեկամներ են։ Այս մթնոլորտին մէջ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Ան ներկայացուց Թուրքիոյ հիմնաւորումները եւ յիշեցուց, թէ թրքական կողմը քանիցս զգուշացուցած էր Մոսկուան։ Միջազգային հանրութեան պաղարիւնութեան կոչերուն մթնոլորտին մէջ, երէկ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան պատասխանատուներն ալ շփման մէջ անցան իրենց ռուս պաշտօնակիցներուն հետ։
Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը այս հանգրուանին խիստ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Անգարայի հասցէին։ Թէեւ Լաւրով ըսաւ, որ չեն պատրաստուիր Թուրքիոյ հետ պատերազմելու, սակայն օդանաւի դէպքը որակեց ծրագրաւորեալ խափանարարութիւն մը։ Ըստ իրեն, թուրք ժողովուրդին նկատմամբ չէ փոխուած իրենց վերաբերմունքը, հարցեր կը յառաջանան միայն Թուրքիոյ ղեկավարութան հետ։ Ան նաեւ պնդեց, որ ռուսական ինքնաթիռը խոցելով Թուրքիա կանգնած է ԻՇԻՊ-ի կողքին։ Այս ծանր պնդումին զուգահեռ Լաւրով հաւանութիւն տուաւ ֆրանսական կողմի յղացած գաղափարին՝ Թուրքիա-Սուրիա սահմանը փակելու վերաբերեալ։ SU-24-ի փրկուած օդաչուն ալ երէկ պնդեց, թէ թրքական կողմը որեւէ ձեւով չէր զգուշացուցած իրենց։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ տեղեկացուց, որ եթէ նման երեւոյթ մը կրկնուի, ապա իրենք անպայման պիտի հակազդեն։ Իր հրահանգով երէկ Սուրիոյ ռուսական ռազմախարիսխին մէջ տեղակայուեցան C-400 հրթիռներ, որոնց ծածկոյթին մէջ կը մտնէ Թուրքիան։ Իր կարգին Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւն ալ պնդեց, որ կարգ մը թուրք իրաւասուներ շահ կ՚ապահովեն ԻՇԻՊ-ի քարիւղի գործարքէն։
Ռուսաստան երէկ միեւնոյն ժամանակ ռմբակոծեց այն բեռնատարներու շարասիւնը, որ մարդասիրական օժանդակութիւն կը փոխադրեր Թուրքիայէն դէպի Սուրիա՝ սահմանակից թիւրքմէններուն համար։ Սա յատկանշական էր այն առումով, որ օր մը առաջ թիւրքէնները վար առած էին ռուսական ուղղաթիռ մը, որ կը ջանար հասնիլ երկու օդաչուներու օգնութեան։ Ռուսաստան նաեւ տնտեսական բռնամիջոցներ գործադրել սկսաւ Թուրքիոյ դէմ, թէեւ Ուժանիւթի նախարար Ալպայրաք յայտնեց, թէ մտահոգութիւն չունի բնական կազի կանոնաւոր հոսքին ուղղութեամբ։ Երէկ, Մոսկուայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան առ-ջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի բուռն ցոյց մը։
Բաց աստի, Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ Օլանտի հետ, որ այսօր կը տեսակցի Վլատիմիր Փութինի հետ։ Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յստակօրէն յայտնեց, որ Թուրքիա միշտ խաղաղութեան ի նպաստ դիրք կը գրաւէ։