ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԱՐԳԱՆՔ՝ ԶՈՀԵՐՈՒՆ
Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ երէկ երեկոյեան Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլը։ Երկու ղեկավարները աշխատանքային ընթրիք մը ունեցան Էլիզէի պալատին մէջ, նաեւ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ միասնաբար յարգանքի տուրք մատուցին Փարիզի ահաբեկչութեան զոհերուն նկատմամբ։ Օլանտ եւ Մերքէլ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Անկելա Մերքէլ Փարիզի մէջ յայտնեց, որ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարելու համար պէտք է գործել համատեղ։ «Մեր ընդհանուր թշնամին է ահաբեկչութիւնը եւ ընդհանուր խնդիրը՝ վճռականօրէն գործելը։ Անկարելի է ԻՇԻՊ-ը համոզել խօսքով, պէտք է յաղթել ռազմական միջոցներով», ըսաւ Մերքէլ եւ աւելցուց, թէ Օլանտի այսօրուան դէպի Մոսկուա ուղեւորութիւնը շատ կարեւոր պիտի ըլլայ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարելու, նաեւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական գործընթացի շարունակման համար։ Մերքէլ խօսեցաւ նաեւ Անգարա-Մոսկուա լարուածութեան շուրջ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ իրադարձութիւնները տեղքայլի մը պատճառ չեն դառնար Վիեննայի գործընթացին մէջ։ Այս հարցը պէտք չէ, որ ազդէ Սուրիոյ իրադրութեան կարգաւորման ուղղեալ դիւանագիտական ջանքերուն վրայ։