Հիւսիսային Պողոտայի ՎՐԱՅ Ս. Ծննդեան Տօնավաճառը Պիտի Բացուի ԴեկտեմբերԻ 6-ին
Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ Ս. Ծննդեան տօնավաճառը իր դռները պիտի բանայ Դեկտեմբերի 6-ին: Ս. Ծննդեան տօնավաճառը կը կազմակերպուի քաղաքապետարան-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան ծիրէն ներս: Ինչպէս «Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Ս. Ծննդեան տօնավաճառի կազմակերպիչ Փիէռ Պաղտատեան, այցելուները կրնան մէկ տեղի մէջ գտնել Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան օրուան նուիրուած բազմաթիւ իրեր: Մասնաւորապէս, յուշանուէրներ, տօնական զարդարանք, ձեռագործ աշխատանքներ: Պիտի ըլլան քաղցրաւենիքի լայն տեսականի` հրուշակեղէն, տուրմ, տարբեր միրգերէ պատրաստուած անուշահամ չիրեր, գինի: Պիտի վաճառուին նաեւ գիրքեր, բացիկներ ու այլ գրենական պիտոյքներ: Այս ամէնը այցելուներուն պիտի ներկայացուին Հիւսիսային պողոտայի վրայ տեղակայուած իւրօրինակ տօնական տնակներու մէջ, որոնք հանդէս պիտի գան իբրեւ տաղաւարներ:
«Տարուէ տարի կ՚աւելնան տաղաւարներուն թիւը: Տարբեր ընկերութիւններու, առանձին անհատներու հետաքրքրութիւնը ամէն տարի կը բազմանայ: Այս անգամ շուրջ քառասուն տաղաւարտնակ պիտի ըլլայ: Ի դէպ, տաղաւարնակներ պիտի տեղադրենք նաեւ Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի շէնքի բակին մէջ: Այս տարի պիտի մասնակցին նաեւ Կիւմրիէն, պիտի ներկայացուի ձկնեղէն», ըսած է Փիէռ Պաղտատեան:
Ս. Ծննդեան տօնավաճառ կազմակերպելու գաղափարը յառաջացաւ տարիներ առաջ, երբ ծնունդով Լիբանանէն, Ֆրանսա բնակող Փիէռ Պաղտատեան ամանորեայ տօներուն եկաւ Հայաստան: Այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ Ս. Ծննդեան տօնավաճառ կազմակերպելու մշակոյթ չկար, երբ, եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ ատիկա տօնական ձեռնարկներու անբաժանելի մասն է:
Առաջին անգամ Ս. Ծննդեան տօնավաճառ տեղի ունեցաւ Աշտարակի մէջ 2011 թուականի Դեկտեմբերին։ Տօնավաճառին կար միայն երեք փոքր տնակ։ Ըստ Փիէռ Պաղտատեանի, միջոցառումը բաւական ուրախ անցաւ, մարդիկ քաջալերեցին, հետեւաբար ան որոշեց զայն շարունակելի դարձնել։ Ապա տօնական միջոցառումը շարունակութիւն գտաւ Երեւանի մէջ՝ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ։
«Մեծ է նաեւ այցելուներու հետաքրքրութիւնը։ Կը յիշեմ, երբ տարիներ առաջ նման միջոցառում կը կազմակերպէինք, մարդիկ նոյնիսկ չէին գիտեր, թէ Ս. Ծննդեան տօնավաճառը ինչ կը ներկայացնէ իրենց։ Եւրոպական երկիրներու մէջ եղած մեր հայրենակիցները աւելի լաւ կը պատկերացնէին, սակայն այսօր կրնանք ըսել, որ նախատօնական եւ տօնական օրերուն ան շատերու սիրելի վայրը դարձած է», աւելցուց Փիէռ Պաղտատեան։
Երեւանի տօնավաճառը կարելի է այցելել Դեկտեմբերի 6-էն սկսեալ, սակայն պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբերի 10-ին։ Փիէռ Պաղտատեան նշեց, որ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս բացման պիտի հրաւիրուին անոնք, որոնք այս տարուան ընթացքին աշխարհի որեւէ միջոցառման կամ մրցման բարձր պահած են Հայաստանի վարկը։