ՄԱՏԱԿԱՍՔԱՐԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Անթանանարիվուի մէջ, Մատակասքար, մասնակցեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հաւաքին մասնակցեցան այդ կազմակերպութեան անդամ, գործընկեր կամ դիտորդ ութսուն պետութիւններէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։ Համաժողովի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ նաեւ Եդուարդ Նալպանտեան։
Հաւաքի ընթացքին Նալպանտեան մատնանշեց, որ ֆրանսախօս տարածքաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան համար պայքարը պէտք է շարունակէ մնալ այդ կազմակերպութեան առանցքային առաջնահերթութիւններէն մին։ Այս շրջագծով ան խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Յիշեցնելով Ապրիլի սկիզբին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական լայնածաւալ գործողութիւնները՝ նախարար Եդուարդ Նալպանտեան մատնանշեց, որ Հայաստան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ քաղաքական կարգաւորման՝ հիմնուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած սկզբունքներուն վրայ, որոնք անբաժանելի ամբողջ մը կը կազմեն։