ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի նորանշանակ համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, աւանդական վստահութեան մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ զրոյցը։ Քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ շարք մը հարցեր եւ այդ ամբողջին մէջ Ռուսաստան-Ֆրանսա համագործակցութիւնը։ Ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով եւ ֆրանսացի նախկին համանախագահ Փիէռ Անտրիու։
Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին համար նշանակած է նոր համանախագահ մը։ Բոլորովին վերջերս հաղորդուեցաւ, որ ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքն ալ պիտի փոխանցէ իր հերթը։ Այս փոփոխութիւններուն լոյսին տակ՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա չի ծրագրեր փոփոխութեան ենթարկել իր համանախագահը։ Ըստ ռուս բանբերին, Իկոր Փոփով պիտի շարունակէ զբաղիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրով եւ իրենք այս նիւթին մէջ որեւէ քաղաքական չափում չեն տեսներ։
Բաց աստի, Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու ուղղեալ բոլոր ջանքերը կը համարուին ողջունելի։ Ըստ իրեն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի աշխատանքներուն առընչութեամբ միշտ կայ այն, որուն պէտք է ձգտիլ։