ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԳՈՐԾՕՆ

«Արմէնփրէս» գործակալութեան նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ ֆորում մը։ «Օփերա սուիթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ այս մետիաֆորումը, որու կազմակերպութեան նախաձեռնողներու շարքին էր նաեւ ԱՊՀ-ի երկիրներու կաճառի Հայաստանի մասնաճիւղը։ «Մետիայի դերը փոփոխուող աշխարհի մէջ» խորագրեալ այս ֆորումի բացման ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան «Արմէնփրէս» գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան, ԱՀՊ երկիրներու կաճառի Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն Ալեքսանդր Մարգարով, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Սարգիս Խանդանեան։ Մետիաֆորումի նիստերու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան զանազան խնդիրներ. ինչպէս՝ մետիայի փոխակերպումը, ապագայի մօտելներու քննարկումը, մետիայի եւ հասարակութեան յարաբերութիւնները եւ թուային դարաշրջանի իրողութիւնները։ Այս ֆորումի մասնակիցներու շարքին էին Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, ԹԱՍՍ ռուսական գործակալութեան ԱՊՀ-ի եւ Պալթեան երկիրներու բաժնի ղեկավար Պորիս Կրուշին եւ զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն այլ յայտնի դէմքեր։

Մետիաֆորումի եզրափակիչ փուլին նախատես-ւած էր կլոր սեղան մը, որ ձօնուած էր տպագիր մամուլի ապագային։ Այս կլոր սեղանը վարեց Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան։ Բանախօսներու շարքին էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Միւս ատենախօսներն էին՝ «Ժողովուրդ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Արման Գալոյեան, «Փաստ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արտակ Ճաղարեան, «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Արմէն Յովակիմեան, «Ռեսփուպլիքա Արմէնիա» ռուսատար թերթի գլխաւոր խմբագիր Ելենա Կուրտիեան։ Հեռակայ դրութեամբ կլոր սեղանին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան։

Իր ելոյթին մէջ Արա Գօչունեան անդրադարձաւ Հայաստանի եւ սփիւռքի տպագիր մամուլի խնդիրներու նմանութիւններուն եւ տարբերութիւններուն։ Ան բացատրեց, որ սփիւռքահայ տպագիր մամուլը, մանաւանդ օրաթերթերը ունին այդ բոլոր հասարակաց հարցերէ դուրս խնդիր մը։ Արդարեւ, անոնք հաղորդակցութեան միջոց մը, լրատուութեան միջոց մը ըլլալու առընթեր կը համարուին հայապահպանութեան, ազգապահպանութեան գործօն մը։ Ինքնութեան պահպանման այս հարցը յաւելեալ երեսակ մը կը վերագրէ սփիւռքի տպագիր մամուլին։ Արդարեւ, սփիւռքի օրաթերթերը կ՚ընկալուին ձուլման հոսանքներու դէմ դիմադրութեան միջոց մը։ Մարդիկ իրենց ընտանեկան յարկերէն ներս հայերէն օրաթերթ կը մտցնեն՝ որպէսզի անոր ներկայութիւնը ինքնութեան պահպանման ջանքերը խթանէ եւ ամենակարեւորը՝ ապահովէ նաեւ նոր սերունդի հանապազօրեայ, կանոնաւոր շփումը հայ գիրին ու լեզուին հետ։

Արա Գօչունեան ֆորումի ընթացքին բացատրեց նաեւ, որ թէեւ առցանց լրատուամիջոցները այսօր հետզհետէ գերակշիռ դեր մը կը ստանան, սա որոշ մարտահրաւէրներ կը յառաջացնէ տպագիր մամուլի տեսակէտէ, սակայն եթէ խնդիրը դիտարկուի աւելի մարդակեդրոն մօտեցումով մը՝ ապա յայտնի կը դառնայ, որ լրագրողի ծաւալած աշխատանքի կարեւորութիւնը չի նուազիր, այլ ընդհակառակն կը բարձրանայ։ Այս կէտին վրայ ան բացատրեց, որ հայ տպագիր մամուլի տեսակէտէ այսօր շատ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ որակեալ մարդուժի պատրաստութեան հարցը։ Այդպիսի մարդուժի մը պատրաստութիւնը նաեւ կրնայ ապահովել հայ մամուլի ներուժի բարձրացումը։ Ուստի, այսօր հայկական բոլոր թերթերը պարտաւոր են թափ տալ նոր սերունդէ լրագրողներու պատրաստութեան գործին։ Այսօր հայ մամուլը կարիքն ունի այնպիսի նոր լրագրողներու, որոնք Լոս Անճելըսի մէջ նստած պէտք է պատկերացնեն Երեւանի կեանքը, Փարիզի մէջ նստած պէտք է պատկերացնեն Մոսկուայի կեանքը եւ կամ Նիւ Եորքի մէջ նստած պէտք է հնարաւորինս պատկերացնել Պոլսոյ կեանքը։ Այդ տարրական գիտելիքներով օժ-տըւած լրագրողները կրնան փոխել հայ մամուլի թէ՛ որակը եւ թէ ճակատագիրը։

Արա Գօչունեան մետիաֆորումի ընթացքին օրակարգի վրայ բերաւ նաեւ առաջարկ մը։ Այսպէս, հայկական զանազան օրաթերթեր կրնան ստեղծել համախմբում մը, որ հասարակաց գովազդներու դաշտի մը կրնայ վերածուիլ եւ այնտեղէն ապահովուելիք հասոյթն ալ կրնայ տրամադրուիլ այս նոր սերունդէ լրագրողներու պատրաստութեան գործին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2018