ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները վերջերս ունեցան հանդիպում մը Նիւ Եորքի մէջ։ Ս. Ներսէս ընծայարանի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Հարկ է նշել, որ պարբերաբար տեղի կ՚ունենան նման ձեւաչափով հանդիպումներ երկար տարիներէ ի վեր։

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան եւ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան Ս. Ներսէս ընծայարանի համալիրէն ներս համախմբուեցան՝ իրենց հովանիին ներքեւ գործող խումբ մը հոգեւոր հայրերու հետ։ Անոնք ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը ունեցան Հիւսիսային Ամերիկայի ազգային-եկեղեցական կեանքի կացութեան շուրջ՝ արժեւորելով թեմերուն կողմէ ծաւալուած աշխատանքը։ Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, որ առաջնորդ սրբազաններն ու հոգեւոր հայրերը եկեղեցւոյ կողմէ ծաւալուած գործունէութեան ամբողջին մէջ առանձնապէս կարեւորած են լեզուապահպանման խնդիրը։ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան մանրամասնութիւններ փոխանցած է Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միութեան գործունէութեան մասին։ Ան մատնանշած է, որ միութեան աշխատանքները կը կամրջեն սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը։

Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան հաւաքի աւարտին պատիւ համարած է այս ձեւաչափով խորհրդակցութեան մը մասնակիցները հիւրընկալած ըլլալով։ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք առաջնորդներու յաջորդ խորհրդակցութիւնը 2020 թուականին տեղի պիտի ունենայ Գանատայի մէջ՝ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի հիւրընկալմամբ։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019