ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ԿՈՉ
Յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեան յայտարարեց, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ մեր համայնքը պէտք է ըլլայ աւելի համախումբ, հանդուրժող եւ միասնական։
Արէտ Երկանեան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ բաժնելով Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ դիտարկումները։ Այս ընդհանուր արժեւորումի ծիրին մէջ Արէտ Երկանեան յիշեցուց, որ ինք ցարդ տեսած է բազմաթիւ պատրիարքական ընտրութիւններ։ Այդ բոլոր յիշողութիւններու լոյսին տակ, որպէս մեր համայնքի երէց սերունդի ամենափորձառու դէմքերէն մին՝ Արէտ Երկանեան ընդգծեց, որ ցայսօր երբեք առկայ համեմատութիւններու հասած տակնուվրայութիւն մը չէր ապրուած թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Իր խօսքով՝ բնականաբար ընտրութեան մը ժամանակ կրնան ըլլալ տարակարծութիւններ, տարբեր մօտեցումներ, սակայն այդ բոլորը պէտք է մնան հասկնալի, ընդունելի սահմաններու մէջ։ Բայց եւ այնպէս, այսօրուան վիճակը կարծես նոյնիսկ աւելի հասած է Ասլանեանական պայքարի տարիներու ծայրայեղութիւններուն, ինչ որ թէ՛ անընդունելի է եւ թէ անհասկնալի։
Արէտ Երկանեան դիտել տուաւ, որ ներկայ ժամանակաշրջանը ունի իր առանձնայատկութիւնները՝ մանաւանդ, այսօր ընկերային ցանցերու դարաշրջանը կ՚ապրուի։ Այս երեւոյթը ուղղակիօրէն կ՚ազդէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ընդհանուր երթին վրայ։ Որովհետեւ մեր համայնքի անդամները ունին մտաւորական որոշ մակարդակ մը եւ բնականաբար ի վիճակի են օգտուելու ժամանակակից փորձագիտութիւններու բոլոր հնարաւորութիւններէն։ Սա շատ ողջունելի է, եթէ ընդհանուր պատասխանատուութեան զգացումով մը, կարծիքի փոխանակումներու առողջ մթնոլորտ մը ձեւաւորելու նպատակով օգտագործուի։ Բայց եւ այնպէս, ընկերային ցանցերու վրայ այնպիսի արշաւ մը յառաջ կը տարուի, որ քաոսի վիճակ մը յառաջացած է մեր համայնքային կեանքէն, նաեւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս։ «Ի վերջոյ սա ընտրութիւն մըն է, Աստուծոյ կամքով եւ մեր ժողովուրդի հաւանութեամբ մէկը պիտի բազմի գահուն վրայ եւ ամէն մարդ պիտի համախմբուի անոր շուրջ», ըսաւ Արէտ Երկանեան։
Ի լրումն այս բոլորին Արէտ Երկանեան մեկնաբանեց նաեւ պատրիարքական ընտրութեան կազմակերպչական գործերու ընդհանուր դրուածքը։ «Իմ յիշած որեւէ մէկ պատրիարքական ընտրութեան ժամանակ Նախաձեռնարկ մարմինը այսօրուան չափ ճնշող ներկայութիւն մը չէր եղած համայնքին մէջ։ Նախաձեռնարկ մարմինը պարզապէս պէտք է տանի կազմակերպչական աշխատանքներ, սակայն այսօր այդ սահմաններէն բաւական դուրս եկած է, ինչ որ առողջ երեւոյթ մը չի համարուիր։ Երեւակայեցէք, անցեալ պատրիարքական ընտրութեան ժամանակ՝ 1998 թուականին Նախաձեռնարկ մարմնին գլուխը կը գտնուէր հոգելոյս Փիլօ Աթան, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի այդ շրջանի հոգաբարձութեան ատենապետն էր։ Միթէ նուա՞զ ազդեցութիւնով դէմք մըն էր։ Ընդհակառակն, այդ շրջանի ամենահեղինակաւոր, ամենաազդու դէմքերէն մին էր, սակայն իր գլխաւորած Նախաձեռնարկ մարմինը ընտրութեան գործընթացին մէջ երբեք այսօրուան նման ճնշող դիրքի մը վրայ չէր եղած եւ ամէն ինչ տեղի ունեցած էր շատ արդար եւ արժանացած էր մեր ժողովուրդի ընդհանուր վստահութեան», ըսաւ Արէտ Երկանեան։
Իր յայտարարութիւններու եզրափակիչ բաժնին մէջ Երկանեան ցաւ յայտնեց, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գլխաւորուած Մանիշակագոյն շարժումը պատգամաւորի թեկնածու չէ ներկայացուցած Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ընտրաշրջանէն։ Ծանօթ է, որ Մանիշակագոյն շարժումը տեղեկացուցած է, թէ ճնշումներու հետեւանքով որոշած է այդ կէտին վրայ պատգամաւորի թեկնածու չներկայացնել։ Արէտ Երկանեան այս հանգամանքը որակեց խիստ անհանգստացուցիչ եւ զարմանք յայտնեց, որ Նախաձեռնարկ մարմինն ու Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը ցայսօր չեն արձագանգած որեւէ ձեւով։ «Սա ի վերջոյ անարդարութիւն մըն է, անիրաւութիւն մը, որովհետեւ կողմերէն մին ի սկզբանէ երկու պատգամաւորի պակաս պիտի ունենայ պատրիարքական ընտրութեան ժամանակ», ըսաւ Արէտ Երկանեան։