Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ հաւաքոյթի մը մասնակցեցաւ՝ իր նախընտրական հանդիպումներու ծիրէն ներս։ Նորին սրբազնութիւնը հաւաքոյթի մասնակիցներուն հետ զրուցեց մեր համայնքի ներկայ առաջնահերթ օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Հաւաքոյթը պատուեց նաեւ տիրամայր Մարի Մութաֆեան։

Այս հանդիպումը կազմակերպուած էր առաջին հերթին Շիշլի եւ Թաքսիմ մարզակումբներու շրջանակներուն, Մխիթարեան վարժարանի սաներուն եւ նորին սրբազնութեան հայրենակից քաղաքիս տիգրանակերտցիներուն համար։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գլխաւորուած Մանիշակագոյն շարժումին կողմէ պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուած դէմքեր։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի առընթեր հաւաքոյթի ընթացքին համայնքային կեանքի զանազան երեւոյթներուն շուրջ ներկաներուն հետ իրենց մօտեցումները բաժնեցին նաեւ Մանիշակագոյն շարժումէն Տքթ. Թագւոր Անան եւ Նաժտա Շատեան։ Ներածական խօսքերէն վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատասխանեց նաեւ երեկոյթի մասնակիցներու հարցումներուն։  

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019