ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԵՒՐՈՊԱՆ ՏԵՂԵԱԿ ՉԷ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Եւրոպայի երկիրները բաւարար չափով տեղեկացուած չեն Ատրպէյճանէ ներս ձեւաւորուած հայատեացութեան երեւոյթին մասին։ Դէպի Իտալիա պաշտօնական այցելութեան զուգահեռ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն հարցազրոյց մը տուաւ «Corriera Della Sera» յայտնի թերթին։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի մէջ լայնօրէն տարածուած է հայատեացութեան երեւոյթը, իսկ եւրոպական երկիրները բաւարար չափով տեղեակ չեն այդ մասին։ Իտալական թերթը իր կողմէ նշած է, որ Ատրպէյճան հայերը կը մեղադրէ Լեռնային Ղարաբաղի համար ռազմական բռնութիւնով ու կը պնդէ, որ Հայաստանի վարչապետը առանձնայատուկ կոշտ է։

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հեռանկարներուն՝ Նիկոլ Փաշինեան բացատրած է, թէ որեւէ լուծում կայուն կրնայ ըլլալ, եթէ հաշուի առնուած են հակամարտութեան երեք կողմերը։ «Ես յոյս ունէի, թէ նախագահ Ալիեւ իմ յայտարարութեան նման յայտարարութիւնով մը հանդէս պիտի գայ։ Մէկ տարիէ աւելի կը սպասեմ, բայց տակաւին լուր մը չունիմ այդ մասին։ Եթէ սա տեղի ունենայ, մենք իրական յառաջընթաց մը կ՚ունենանք բանակցութիւններուն մէջ։ Յոյս ունիմ, թէ եւրոպացի գործընկերներն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը խրախուսեն Ալիեւը՝ ընդունելու այս բանաձեւը։ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներու համար։ Ես կը հասկնամ, եթէ Ատրպէյճանի նախագահը նախ եւ առաջ նշէ Ատրպէյճանի ժողովուրդը։ Ընդունելի է», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019