«ԱՌԱՒՕՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ՀԱՄԱՐ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ խմբագրութեանս կողմէ հնչեցուած ահազանգի արձագանգները կը շարունակուին հայաշխարհէ ներս։ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցները այս շրջանին իրերայաջորդ հրապարակումներ եւ հաղորդումներ կը կատարեն այս կապակցութեամբ։ Նոյն ծիրին մէջ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ գրութիւն մը՝ «Աջակցինք Իսթանպուլի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, որպէսզի շարունակէ վաւերագրել ժամանակը» խորագրով։ «Առաւօտ»ը հայ իրականութեան հեղինակաւոր օրաթերթերէն մին է, որու գլխաւոր խմբագիրն է շատ յայտնի դէմք մը՝ հրապարակագիր ու վերլուծաբան Արամ Աբրահամեան։

Թերթը նշած է, որ «Իսթանպուլի մէջ լոյս տեսնող ԺԱՄԱՆԱԿ հայկական օրաթերթը փակման վտանգի առջեւ կանգնած է։ Թերթի խմբագրի ձեւակերպմամբ՝ հայ մամուլի նահապետը անդունդի եզրին է։ «Առաւօտ»ը կոչ կ՚ուղղէ բոլոր շահագրգիռ մարդոց եւ կազմակերպութիւններուն՝ աջակցիլ հարուստ պատմութիւն ունեցող հայկական պարբերականին»։

Այս կոչը հնչեցնելու առընթեր թերթը ամբողջութեամբ արտատպած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի՝ ահազանգ հնչեցուցած խմբագրականը՝ շեշտելով, որ ցաւօք, ներկայիս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար ա՛լ աւելի ծանր ժամանակներ են։

Հարկ է նշել, որ այս հրապարակման առընթեր, «Առաւօտ» օրաթերթը տեղ տուած էր նաեւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան կողմէ՝ ի աջակցութիւն ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտարարութեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021