ՄՈՍԿՈՒԱ, ՊՐԻՒՔՍԵԼ, ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ` ՍՈՉԻ. ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՄՐՑԱՊԱՅՔԱՐԻ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Նոյեմբեր 9-ի նախօրեակին ծրագրուած ձեւով շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ լրատուութիւն՝ Մոսկուա-Երեւան-Պաքու եռակողմ հանդիպման մասին: Ապա պաշտօնապէս խօսուեցաւ հանդիպման հեռակայ առցանց ձեւաչափին մասին: Փաստօրէն ո՛չ ֆիզիքական ներկայութեամբ, ո՛չ ալ առցանց հեռակայ հանդիպումը կայացաւ: Տեղի ունեցան Սիւնիքի դէպքերը, աւելի ճիշդ՝ ատրպէյճանական յարձակումը Սիւնիքի վրայ: Իրադրութիւնները կը յուշէին ռազմաքաղաքական բեմագրութեան մը մասին:

Այնուհետեւ յայտարարուեցաւ Պրիւքսելի մէջ 15 դեկտեմբերին Երեւան-Պաքու երկկողմանի հանդիպման մասին՝ եւրոպական կողմին նախաձեռնութեամբ: Հանդիպումը նախատեսուած է Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան պարունակին մէջ: Հանդիպման մասին պաշտօնապէս յայտարարած էր Եւրոպական խորհուրդի նախագահը, որ երկու կողմէն ստացած է դրական ազդակներ հանդիպումը կայացնելու:

Մինչեւ հոս մեկնաբանութիւնը անմիջապէս կ՚երթայ այն ուղղութեամբ, որ փորձ կը կատարուի ռուսական միջնորդութիւնը փոխարինել եւրոպականով:

Մոսկուայի արձագանգը չուշացաւ. մինչեւ Պրիւքսել մեկնիլը Հայաստանի վարչապետն ու Ատրպէյճանի նախագահը Սոչի կը հրաւիրուին՝ հանդիպելու համար Ռուսաստանի նախագահին հետ: Չի բացառուիր, որ Սոչիի մէջ Երեւան-Պաքու հանդիպումը նախորդէ Պրիւքսելի հանդիպման:

Մոսկուա-Սոչի-Պրիւքսել այս ուղեւորութիւններուն ճշդման ընթացքին սակայն Սիւնիքի բախումներու լոյսին տակ Մոսկուան կը յայտարարէր, որ լարուածութիւնը երկու կողմերուն միջեւ կը շարունակուի, եւ առ այդ՝ կը պահանջուի ռուսական դիւանագիտութեան եւ ռազմական ներկայութեան յաւելեալ ներգրաւումը:

Կարեւոր է նաեւ յիշել, որ Ուաշինկթընը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ մեծ ջանք ի գործ դրած է յաջողցնելու համար Պրիւքսելի մէջ հանդիպելու համաձայնութիւնը:

ԵԱՀԿ-ի համանախագահական ձեւաչափի վերագործարկման մասին կը յուշեն այս իրադրութիւնները: Սիւնիքի դէպքերը հաւանաբար օգնեցին, որ Մոսկուան իր յաւելեալ ներգրաւուածութեան մասին բարձրաձայնէ եւ ճամբայ հարթէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին զօրքեր տեղակայելու ծրագիրին: Այս շրջագիծին մէջ սակայն Մոսկուայի եռակողմ հանդիպման տապալումը դուռ բացաւ, որ անմիջապէս գործի լծուին Ուաշինկթընն ու Պրիւքսելը, գուցէ համակարգուած ձեւով: Միջնորդելու մրցապայքարը կը թեւակոխէր նոր փուլ:

Հազիւ թէ նկատենք այս բոլորին մէջ Անգարայի բացակայութիւնը, յանկարծ կը կարդանք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ բանբերին յայտարարութիւնը, որ Երեւանը դիմած է Մոսկուային միջնորդելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով: Ըստ անոր, Հայաստանի շատ մը գործընկերներ, անոնց շարքին՝ Ռուսաստան պատրաստակամութիւն յայտնած են միջնորդելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ, եւ հայկական կողմը դիմած է Մոսկուային:

Շատ պարզ է ըսուածը: Յայտնաբար դիմող գործընկերներուն անպայման ներառուած են Ուաշինկթընն ու Պրիւքսելը: Երեւան հասկնալիօրէն իր նախապատուութիւնը տուած է Մոսկուային՝ միջնորդելու կարգաւորման հարցով: Աւելորդ չէ յիշելը, որ Ցիւրիխի արձանագրութիւններու նախօրէին միջնորդը պաշտօնապէս Զուիցերիան էր, սակայն գործընթացին աշխուժօրէն ներգրաւուած էին Մոսկուայի կողքին Ուաշինկթընը, Փարիզն ու Պրիւքսելը:

Եւ եթէ արցախեան հակամարտութեան եւ հիմա այլեւս Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային խնդիրներուն միջնորդութիւն կը կատարեն Պրիւքսելն ու Ուաշինկթընը, կ՚ենթադրուի, որ ցիւրիխեան հովանաւորներու խումբը կը վերադառնայ նաեւ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց սկսելու:

Միջնորդական մրցապայքարի տեսքով ըստ էութեան տարածաշրջանին մէջ ներկայութիւն հաստատելու աշխարհաքաղաքական ուժերու պարանաձգութիւնն է, որ կ՚իրականանայ:

Թուրքեւատրպէյճանական աճապարանքը սահմանազատման, սահմանագծման եւ տարածքներու փոխճանաչումի, անպայման առաջադրուած ժամանակներուն մէջ չ՚իրականանար: Իսկ Մոսկուայի համար պարզ է, որ միջնորդելու եզակիութիւնը պիտի բախի սուր մրցապայքարի: Մոսկուա, Պրիւքսել (ուաշինկթընեան յայտարարութիւններով), միջանկեալ Սոչի՝ միջնորդական մրցապայքարի բնորոշ փուլեր են:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
«Ազդակ» օրաթերթ, Պէյրութ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021