ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ

Սոչիի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ ու միջնորդութեամբ։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ սա այս երեք ղեկավարներու երկրորդ հանդիպումն է։ Առաջինը տեղի ունեցած էր Մոսկուայի մէջ եւ այժմ անոնք ժամադրուած են Սոչիի մէջ։ Փաշինեան եւ Ալիեւ մօտաւոր ապագային՝ դեկտեմբերի 15-ին ալ ծրագրած են տեսակցիլ Պրիւքսելի մէջ, ուր պիտի մասնակցին Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովին։

Սոչիի այս օրուան գագաթաժողովի սեմին երկու կարեւոր իրադարձութիւն արձագանգ գտած է հանրային կարծիքին մօտ։ Առաջինը այն է, որ Ջերմուկի մօտակայքին հայկական բանակը եկու յենակէտ զիջած է Ատրպէյճանին։ Երկրորդը՝ Սոչիի ժամադրութենէն անմիջապէս առաջ Մոսկուա պաշտօնապէս վերահաստատած է, որ Երեւան իրմէ միջնորդութիւն պահանջած է՝ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար։ Այս համայնապատկերին վրայ տեղի կ՚ունենան այս օրուան բանակցութիւնները։ Ռուսական վերլուծական շրջանակները դիտել կու տան, որ էական նորութիւն մը չ՚ակնկալուիր Սոչիի մէջ, որովհետեւ Երեւան-Պաքու տիրոյթի խնդիրները հեռու են լուծուած ըլլալէ։ Այս օրուան հանդիպման ընթացքին բեկում մը պիտի չարձանագրուի, կտրուկ փոփոխութիւններ պիտի չըլլան, միայն կրնայ սահմանազատման ու սահմանագծման նիւթին շուրջ աշխատանքի մը սկիզբը դրուիլ։

Հայաստանեան լրատուամիջոցները կը շեշտեն, որ Սոչիի գագաթաժողովէն առաջ շարունակուած են դռնփակ բանակցութիւնները։ Իր կարգին, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ երէկ կրկնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է սահմանազատման գործընթաց սկսիլ Հայաստանի հետ, սակայն, այս վերջինը պատասխան չի տար։

Մինչ այդ, Սոչիի այս օրուան գագաթաժողովին ընդառաջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ Իր խօսքով՝ Մոսկուա ամէն ինչ կ՚ընէ՝ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան ամրապնդման եւ այս տարածաշրջանի խաղաղ կենսագործունէութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ըստ բանբերին, շնորհիւ եռակողմանի ջանքերուն՝ համապատասխան աշխատանքը գործնականին մէջ կ՚իրականացուի։ Այժմ յատուկ ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի առեւտրատնտեսական եւ փոխադրութեան կապերը վերականգնելու համար։

Մարիա Զախարովա դիտել տուաւ, որ ապաշրջափակման պարագային փոխադրումները պիտի իրականացուին միջազգային համաձայնագրերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի օրէնսդրութեան հիման վրայ։ Ան դիտել տուաւ, որ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հետեւողական իրականացման ի նպաստ հանդէս կու գայ ռուսական կողմը։ Անոնք կը վերաբերին Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական ու փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման։ «Մենք կը տեսնենք լաւ հեռանկարներ, ի հարկէ, հաշուի առնելով բոլոր կողմերու շահերու հաւասարակշռութիւնը», ըսաւ ան։

Ի լրումն այս բոլորին, Մարիա Զախարովա նշեց, որ Հայաստան Ռուսաստանին դիմած է՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու համար։ «Ինչպէս գիտէք, Ռուսաստան շահագրգռուած է ու ջանքեր կը գործադրէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ Մեր երկիրը պատրաստ է ապագային եւս ամէն ձեւով աջակցիլ այս բանին։ Այս գործընթացի սկիզբը, մենք կը կարծենք, անշուշտ, կը նպաստէ տարածաշրջանէ ներս հասարակութիւններու մերձեցման եւ բարիդրացիութեան ու վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման, ինչ որ ներկայիս յատկապէս արդիական է։ Բայց, բնականաբար, եթէ սա պիտի չվնասէ բուն բանակցային գործընթացին՝ հաշուի առնելով անոր զգայնութիւնը», նշեց Զախարովա։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021