ՔԱՂԱՔՆ ՈՒ ԴՊՐՈՑԸ…

Կեանքը, ինքնին, մարդակերտումի գործընթաց մըն է։ Քաղաքն ալ համապատասխան դարբնոցի մը կը նմանի թէ՛ իր միջավայրով եւ թէ ապահոված փորձառութիւններով, որոնք կը համալրեն՝ դպրոցի մէջ ստացուած դասական կրթութիւնը։ Քաղաքը նաեւ դուռ կը բանայ դէպի քաղաքակրթութիւն…

Ֆրանսացի գրականագէտ Քսավիէ-Լորան Սալվատոր վերջերս հարցազրոյցի մը ընթացքին կ՚ըսէր. «Վարժարանը այն վայրն է, ուր ապագայ քաղաքակրթութիւնը կը գրուի»։ Ինքնանորոգ, վերանորոգ երեւոյթ մըն է քաղաքակրթութիւնը, որ կ՚ենթադրէ յարատեւութիւն։ Եթէ քաղաքակրթութեան ապագայի ճանապարհը կ՚անցնի դպրոցէն, ապա կրթութիւնը այստեղ ալ կիզակէտին վրայ է։

Նոյնպէս ֆրանսացի փիլիսոփայութեան դասախօս Տիտիէ Լըմերն ալ վերջերս ուրիշ հարցազրոյցի մը մէջ կ՚ըսէր. «Դպրոց կ՚երթային հասարակաց մշակոյթի մը տիրանալու նպատակով։ Այսօր այնտեղ կ՚երթան՝ սեփական տարբերութիւններով ճանչցուելու համար»։ Դասական կրթութիւնը խոշորացոյցի տակ է՝ ընկերամշակութային նոր երեւոյթներու, բարդ հանգամանքներու լոյսին տակ։

Հապա կեանքի՞ դպրոցը…

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2022