ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՈՒՂԻՆԵՐ
TUMO, ARMATH, COAF, FAST... տասնամեակ մըն է, որ Հայաստանի կրթական մարզին մէջ ի յայտ եկած են նոր անուններ, որոնք կը յատկանշեն առաջատար արհեստագիտութեան վերաբերեալ ծրագրեր՝ ուղղուած դպրոցական տարիքի մանուկներու։ Առաջին երկուքը՝ TUMO-ն եւ ARMATH-ը ծանօթ են՝ որպէս միջազգային ճանաչում ու համբաւ վաստակած արտադպրոցական նախաձեռնութիւններ, որոնք կը կիրարկուին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։ TUMO-ն թուային արհեստագիտութեան արտադպրոցական աշխատանոց մըն է, որ Ֆրանսայի մէջ երեք մասնաճիւղեր ունի՝ Փարիզ, Լիոն, Մարսէյլ... ARMATH-ը, նոյնպէս, ճարտարագիտական աշխատանոցներ ունի ԱՄՆ-ի, Եւրոպայի, Հնդկաստանի մէջ... COAF-ը Հայաստանի Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերու մանուկներուն եւ ծնողներուն արդիական գիտութիւններ ու մասնագիտական փորձառութիւն ջամբելու հետամուտ կեդրոն մըն է, որ Հայաստանի այլ շրջաններու մէջ ալ մասնաճիւղեր կը բանայ։ Այս հաստատութիւններու նորագոյնը FAST-ն է, որ նոյեմբերի 16-ին Փարիզի՝ հանրածանօթ Ֆրանսայի ինքնաշարժի ակումբին մէջ կազմակերպեց կալա-ճաշկերոյթ մը, ի նպաստ ծրագրին, որու նպատակն է Հայաստանի դպրոցներուն մէջ հաստատել արհեստական բանականութեան ուսուցումը, Կրթութեան նախարարութեան հետ գործակցաբար։
Ինչ որ հասարակաց է այս չորս նախաձեռնութիւններուն՝ այն է, որ բոլորն ալ կրթական ասպարէզին կը վերաբերին, արհեստագիտութեան ու նորարարութեան։ Անոնցմէ երկուքը անհատական հիմնադրամներու ներդումի արդիւնք են, իսկ յատկապէս վերջինը՝ FAST-ը (Foundation for Armenian Science and Technologie)՝ հաւաքական հիմնադրամի, որուն գլխաւոր երկու հիմնադիրներն են՝ Նուպար Աֆէեան եւ Ռուբէն Վարդանեան. երկուքն ալ ունեւոր, միասնաբար մարդասիրական, տնտեսական զարգացման, զբօսաշրջային, արհեստագիտական եւ ընկերային շուրջ տասն նախաձեռնութիւն իրագործած են. ինչպէս՝ «Աւրորա» մրցանակը, «Ապագայ Հայաստանը», Դիլիջանի միջազգային դպրոցը... եւ FAST-ի Generation AI High School-ը (AI-ԱԲ-Artificial intelligence-արհեստական բանականութիւն)։
Բոլոր այս հաստատութիւնները նորահաստատ կառոյցներ են, ծրագրերը երկարաժամկէտ եւ նիւթական մեծ միջոցներ կը պահանջեն, ընդհանրապէս, Հայաստանէ ներս սփիւռքեան նախաձեռնութիւններ, դրամագլուխը՝ ամերիկեան եւ հազուադէպ պարագայի՝ ռուսական, որոնք հիմնականին մէջ ունին ազգային բարեսիրական նկարագիր, բացառութեամբ ARMATH-ը, որուն նախաձեռնողը տեղական «Առաջատար Տեխնոլիոգիաների ձեռնարկութիւնների միութիւն»ն է, որ կը վայելէ Հայաստանի կառավարութեան օժանդակութիւնը, որովհետեւ հանրակրթական բոլոր դպրոցներուն կը վերաբերի։
FAST-ի պարագային՝ նորութիւնը այն է, որ առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսան ներառուած է անոր Generation AI ծրագրի յաջողութեան հոլովոյթին մէջ։ FAST-ի հիմնադիրները եւ նախաձեռնողները ֆրանսահայութեան եւ եւրոպահայութեան ալ ապաւինած են իրենց ծրագրի յաջողութեան համար։
Նկատի ունենալով, որ Generation AI High School-ը ուղղուած է աշակերտութեան՝ արդեօք կարելի՞ է զայն ակնկալել նաեւ սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար, որոնց հայկական ուսումնական ծրագիրը, դժբախտաբար, կարիքն ունի բարելաւման եւ արհեստագիտական գիտութեան ներառման՝ հայերէնի ուսուցումը սահմանափակուած ըլլալով լեզուական, գրական ու կրօնապատմական նիւթերով։
Սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը հարթ չէ եղած. կան բազմաթիւ յաջող նախաձեռնութիւններ, ինչպէս որ եղած են նաեւ բազմաթիւ ձախողումներ։ Մեծագոյն ձախողումը կ՚առընչուի քաղաքականին ու լեզուամշակութայինին։ Քաղաքականին ածանցուած են նաեւ Արցախի կորստեան կապուած՝ կրթական, ընկերային, շինարարական ու տնտեսական ներդրումային բոլոր նախաձեռնութիւնները։
Որքանո՞վ արհեստական բանականութիւն, նորարարական արհեստագիտութիւն ուսանած նոր սերունդը կրնայ ժամանակի քաղաքակրթական, մշակութային մարտահրաւէրները դիմակայել՝ սրբագրելով անցեալի սխալները։ Հակառակ գիտական ու արհեստագիտական բոլոր յառաջդիմութիւններուն, երկրագունդը ականատես է ամենէն քստմնելի ցեղասպանութեան՝ առանց որ քաղաքակիրթ պետութիւնները իրենց մատը կարենան շարժել։ Ուսումը՝ առանց քննադատական մտքի, միշտ պիտի մնայ պակասաւոր։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի