«ՀԻԶՊՈՒԼԼԱՀ» ԹԵՀՐԱՆ-ՄՈՍԿՈՒԱ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԱՔՑԱՆԻՆ ՄԷ՞Ջ

19 Դեկ­տեմ­բե­րին Դա­մաս­կո­սի Ճա­րա­մա­նա շրջա­նին մէջ կը սպան­նուէր «Հիզ­պուլ­լահ»ի կա­րե­ւո­րա­գոյն հա­մարուած պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն մին՝ Սա­միր Քըն­թա­ր: Լրա­տուա­կան աղ­բիւր­ներ նոյն լու­րին կա­պակ­ցու­թեամբ կը հա­ղոր­դէին, որ իս­րա­յէ­լեան օ­դա­յին հա­րուա­ծով սպան­նուած Քըն­թա­րի հետ նոյն­պէս կը զո­հուէին ի­րան­ցի տասնմէկ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ: Ի­րա­նա­մէտ «Հիզ­պուլ­լահ»ին ուղ­ղուած բա­ւա­կան տրա­մա­թիք այս հա­րուա­ծը, թէ­կու­զ եւ այս հանգ­րուա­նին անս­պա­սե­լի էր, բայց եւ այն­պէս ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան խնդրին հե­տե­ւող վեր­լու­ծա­բան­նե­րուն հա­մար ներ­կա­յիս «պաղ պա­տե­րազ­մ­»ի հու­նին մէջ ե­ղող հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կրնար ո­րե­ւէ պա­հու ծանր զար­գա­ցում­ներ ապ­րիլ:

Նոյն դէպ­քին ա­ռըն­թեր եւ ըստ «Շա­րըք Ալ Աու­սա­թ» օ­րա­թեր­թին փո­խան­ցած տուեալ­նե­րուն, վեր­ջին հանգ­րուա­նին Ռու­սաս­տան-Ի­րան մեծ լա­րուա­ծու­թիւն մը ե­րե­ւե­լի է: Թէ որ­քա­նո՞վ ճիշդ է թեր­թի վեր­լու­ծա­բա­նին այն տուեա­լը, թէ «Հիզ­պուլ­լահ»ի դէմ ե­ղած հա­րուա­ծին Մոս­կուա «կա­նաչ լոյ­ս» վա­ռած է, տա­կա­ւին պարզ չէ: Յստակ է միայն, որ ի­րա­նեան «Յե­ղա­փո­խու­թեան պա­հակ­նե­ր­»ու պա­տաս­խա­նա­տու զօ­րա­վար Ա­լի Ժաա­ֆա­րի ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը խօ­սէին Մոս­կուա-Թեհ­րան՝ Սու­րիոյ հար­ցին շուրջ ո­րոշ լա­րում­նե­րու մա­սին կրնան ճիշդ ըլ­լալ:

Նոյն գետ­նի վրայ եւ Սու­րիոյ շուրջ խմո­րուող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ պէտք է յա­տուկ շեշ­տադ­րու­մով ըն­կա­լել ռուս-իս­րա­յէ­լեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու դի­պա­շա­րը: Մեր յի­շո­ղու­թեան մէջ է, երբ եր­կու ա­միս ա­ռաջ ռուս բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ Թէլ Ա­ւիւ հաս­նե­լով կը քննար­կէին Սու­րիոյ տագ­նա­պին ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կը եւ իս­րա­յէ­լեան կող­մէն բնա­կա­նա­բար յա­ռաջ կը քա­շուէր Կո­լա­նի եւ Լի­բա­նա­նի հետ հիւ­սի­սա­յին սահ­մա­նին ա­պա­հո­վու­թեան խնդի­րը: Այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քը մնաց գաղտ­նի, բայց բա­ցո­րոշ դար­ձաւ, որ Մոս­կուա-Թէլ Ա­ւիւ տե­ղե­կա­տուա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կող­քին կայ նաեւ զի­նուո­րա­կան ո­րոշ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն մը:

Ե­թէ զար­գա­ցում­նե­րու ընդ­հա­նուր օ­րա­կար­գէն հե­ռու պա­հենք այս քննար­կում­նե­րու ա­ռա­ջին ար­դիւնք­նե­րը, ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ Իս­րա­յէ­լի հա­մար նա­խա­հա­րուած տա­լու խա­ղադ­րոյ­քը այս հանգ­րուա­նին կը մի­տի սա­ռած պա­հել կո­լա­նեան ճա­կա­տը: Ու անց­նող Շա­բաթ գի­շեր Դա­մաս­կո­սի Ճա­րա­մա­նա շրջա­նին վրայ կա­տա­րուած իս­րա­յէ­լեան յար­ձա­կու­մը պէտք է տե­ղադ­րել այս պա­րու­նա­կին մէջ: Այս գրո­հին ըն­թաց­քին կը սպան­նուէին տասն­մէկ ան­ձեր, ո­րոնց գլխա­ւո­րա­գոյ­նը (միշտ ըստ յայ­տա­րարուա­ծին) իս­րա­յէ­լեան բան­տե­րուն մէջ քսա­նինն տա­րի կա­լա­նա­ւո­րեալ մնա­ցած լի­բա­նա­նեան տիւր­զի հա­մայն­քի ան­դամ Սա­միր Ալ Քըն­թարն էր:

Տե­ղին է յի­շեց­նել, որ Իս­րա­յէ­լի կող­մէ ուղ­ղա­կիօ­րէն «Հիզ­պուլ­լահ»ին տրուած այս հա­րուա­ծը երկ­րորդն էր իր տե­սա­կին մէջ այս տա­րուան ըն­թաց­քին: Ան­ցող Յու­նուա­րին իս­րա­յէ­լեան ու­ղղա­թիռ մը սու­րիա­կան «Ալ Քը­նայթ­րա» շրջա­նին մէջ հա­րուա­ծած էր «Հիզ­պուլ­լահ»ի մէկ շա­րա­սիւ­նը եւ սպան­նած՝ կազ­մա­կեր­պու­թեան վեց զի­նեալ­ներ: Կը սպան­նուէր նաեւ շա­րա­սիւ­նին մէջ ե­ղող ի­րան­ցի բար­ձրաս­տի­ճան սպայ՝ զօ­րա­վար Մո­համ­մատ Ա­լի Ալ­լահ Տա­տի: Իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կը քա­նի մը օր ետք յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս գա­լով կը շեշ­տէր, թէ այս քայ­լը նա­խազ­գու­շա­կան քայլ մըն էր, ո­րով­հե­տեւ ի­րենց ու­նե­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով «Հիզ­պուլ­լահ» նը-պա­տակ ու­նէր այդ շրջա­նին մէջ զի­նուո­րա­կան նոր խա­րիսխ­ներ կա­ռու­ցել եւ աշ­խու­ժաց­նել մինչ այդ հա­մե­մա­տա­բար խա­ղաղ՝ Կո­լա­նի ճա­կա­տը: Գրո­հը ծանր շո­քի մէջ կը ձգէր «­Հիզ­պուլ­լահ»ը: Զո­հե­րուն մէջ էր նաեւ Ժի­հատ Մուղ­նի­էն, որ որ­դին էր «Հիզ­պուլ­լահ»ի եր­բեմ­նի ա­պա­հո­վա­կան ղե­կա­վար Ի­մատ Մուղ­նիէ­ի, յայտ­նի՝ Հաժ Ռա­տուան ա­նու­նով: Ի­մատ Մուղ­նի­է 2008 թուա­կա­նին զոհ գա­ցած էր ա­կա­նուած ինք­նա­շար­ժի պայ­թու­մի մը՝ Դա­մաս­կո­սի «Քը­ֆար­քու­սա» թա­ղա­մա­սին մէջ:

Ու­րեմն այս հանգ­րուա­նին իս­րա­յէ­լեան զի­նուո­րա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հա­մար ըն­դու­նուած ձե­ւա­չափ է «Հիզ­պու­լլահ»ի հետ առ­կայ եւ ե­րե­սուն տա­րիէ ի վեր ըն­թա­ցող զի­նեալ պայ­քա­րը դար­ձեալ ձե­ւա­­փոխ­ե­լով յա­ռաջ տա­նիլ: Պի­տի կա­րո­ղա­նայ իս­րա­յէ­լեան կող­մը այս հա­րուած­նե­րով սա­ռած պա­հել Կո­լա­նի ճա­կա­տը, ցարդ պարզ չէ, յստակ է միայն, որ յա­ռա­ջի­կայ 2016 թուա­կա­նը կրնայ կա­րե­ւոր եւ ճա­կա­տագ­րա­կան զար­գա­ցում­նե­րու հանգ­րուա­նի մը սկիզ­բը դառ­նալ:

«Հիզ­պուլ­լահ»ի հա­մար բե­կում­նա­յին հա­մա­րուող այս հա­րուա­ծը իր մէջ կը պա­րու­նա­կէ կա­րե­ւոր պատ­գամ­ներ՝ յատ­կա­պէս սու­րիա­կան գետ­նի վրայ:

Չմոռ­նանք, որ տիւր­զի Սա­միր Քըն­թա­րի ըմբռ­նում­նե­րուն ու­ղե­ծի­րը սու­րիա­կան ներ­քին պա­տե­րազ­մին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը չէր, այլ ան հա­մա­ա­րա­բա­կան պայ­քա­րի հա­ւա­տա­ցող էր: Քըն­թար նաեւ հա­ւա­տա­ցող էր, որ շրջա­նին մէջ հիմ­նա­հար­ցե­րու հան­գու­ցա­լուծ­ման ու­ղին սկիզբ կ՚առ­նէ միայն պա­ղես­տի­նեան հար­ցին լու­ծու­մով:

Բա­ւա­կան ար­մա­տա­կան եւ ոչ միշտ կրօ­նա­կան ընբռ­նում­նե­րով պայ­քար մղած Քըն­թար, 2008 թուա­կա­նին բան­տէն ար­ձա­կուե­լէ ետք կը միա­նար «Հիզ­պու­լլահ»ին, տրուած ըլ­լա­լով, որ իր գործ­նա­կան ըմբռ­նում­նե­րուն հիմ­նա­կան գոր­ծե­լա­դաշ­տին մէջ կար միայն լի­բա­նա­նեան շիի կու­սակ­ցու­թիւ­նը:

Բա­ցի ան­կէ ան­հա­ւա­նա­կան չէ, որ Քըն­թար «Հիզ­պուլ­լահ»ի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մին ա­ռըն­թեր կրնար ու­նե­նալ նոյ­նիսկ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնց մա­սին մա­նա­ւանդ այս հանգ­րուա­նին դժուար թէ խօ­սուի:

Այս բո­լո­րէն ան­դին իս­րա­յէ­լա­ցի մէ­կէ ա­ւե­լի վեր­լու­ծա­բան­ներ ա­ռանց բա­ռե­րը ծամ­ծմե­լու կը յայտ­նեն, որ Իս­րա­յէ­լի յա­ջող հա­մա­րուած այս հա­րուա­ծը կա­րե­լի ե­ղած է ի­րա­կա­նաց­նել վստա­հե­լով ոչ միայն ար­հե­ստա­գի­տա­կան ար­դիա­կան մի­ջոց­նե­րուն յե­ն­լով, այլ Սու­րիոյ մէջ ե­ղող ընդ­դի­մա­դիր կող­մե­րէն առնուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ:

Այս կէ­տին մէջ է, որ «Հիզ­պուլ­լահ» հա­կա­ռակ գետ­նի վրայ իր ու­նե­ցած կա­րե­ւոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն (վեր­ջին շրջա­նին նաեւ ռու­սա­կան ու­ժե­րուն օ­ժան­դա­կու­թեամբ), կը դի­մագ­րա­ւէ նե­րա­րա­բա­կան տագ­նապ մը եւ ջու­րի ե­րես կը հա­նէ այն միտ­քը, թէ զի­նուո­րա­կան ա­ռու­մով հզօր եւ կար­գա­պահ ուժ ե­ղող կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Իս­րա­յէ­լի հետ ո­րե­ւէ բա­խու­մի պա­րա­գա­յին լքուած պի­տի մնայ սիւն­նի աշ­խար­հի ա­ռաջ­նորդ տէ­րու­թեանց կող­մէ:

Ա­ւե­լի՛ն. Ա­րա­բա­կան ծո­ցի մէ­կէ ա­ւե­լի լրա­տուա­կան աղ­բիւր­ներ վեր­ջին օ­րե­րուն տար­բեր բնոյ­թի վեր­լու­ծում­ներ ը­նե­լով կը յայտ­նեն, որ Քըն­թա­րի սպան­ու­թեան մէջ կայ նաեւ ռու­սա­կան լուռ հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը: Թէեւ այս մօ­տե­ցու­մը կրնայ հե­ռու մնալ ի­րա­կա­նու­թե­նէն՝ տրուած ըլ­լալով, որ նման գոր­ծարք­նե­րու պա­րա­գա­յին ո­րե­ւէ շրջա­նի խա­ղա­ցող մին­չեւ վերջ պի­տի չբա­նայ իր ու­նե­ցած քար­տե­րը, բայց տրա­մա­բա­նա­կան է, թէ Մոս­կուա ին­ք խան­դա­վառ չէ, որ «Հիզ­պուլ­լահ»ը (հե­տե­ւա­բար Ի­րա­նը) նոր ճա­կատ մը բա­նան Իս­րա­յէ­լին հետ:

Ու­րեմն ի՞նչ հասկ­նալ այս պա­րու­նա­կին մէջ:

Այս­տեղ պէտք է շեշ­տադ­րել նաեւ, որ Մոս­կուա եւ Ռիատ տեղ մը կը հա­մա­ձայ­նին, որ լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լահ» կա­զմա­կեր­պու­թիւ­նը պէտք է վե­րա­դառ­նայ իր նախ­կին դիր­քե­րը: Այ­սինքն մաս­նա­ւո­րա­պէս սու­րիա­կան դաշ­տին մէջ ան օ­րա­կար­գեր թե­լադ­րե­լու ու­ժէն զրկուի: Հե­տե­ւա­բար «Հիզ­պուլ­լահ»ին ուղ­ղուած այս ցաւց­նող հա­րուա­ծը բա­ցի Ի­րա­նէն, ձեռն­տու է բո­լոր կող­մե­րուն:

Այս պատ­կե­րին դի­մաց կա­րե­ւոր կէ­տով մը ի­մաստ կը զգե­նու Ռիատ-Թեհ­րան բա­ցուած նոր գի­ծը, ո­րուն մա­սին թէեւ կա­նուխ է եզ­րա­կա­ցու­թիւն­ներ կա­տա­րել, բայց յստակ է, որ այ­սօր ա­ւե­լի քան ո­րե­ւէ ժա­մա­նակ եր­կու կող­մե­րը եւ յատ­կա­պէս Ռիատ կը հա­ւա­տայ, որ Թեհ­րա­նի հետ ո­րե­ւէ շփում կա­րե­ւոր է ո՛չ միայն Լի­բա­նա­նի, Սու­րիոյ եւ Ե­էմէ­նի հար­ցե­րը կար­գա­ւո­րե­լու, այլ նաեւ շիի հու­սի­նե­րուն կող­մէ կրա­կի թի­րախ դար­ձած իր սահ­ման­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար:

Սա­միր Քըն­թա­րի, Ժի­հատ Մուղ­նիէ­ի, ան­կէ ա­ռաջ Ի­մատ Մուղ­նի­էի սպա­նու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նա­բար ծանր հա­րուած­ներ են «Հիզ­պուլ­լահ»ին հա­մար, որ ան­կախ ան­կէ, թէ լի­բա­նա­նեան ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ կա­րե­ւոր կշիռ ու­նե­ցող ուժ է, դար­ձած է նաեւ շրջա­նա­յին ուժ:

Այս գո­յա­ցած ու­ժին դի­մաց ան­տար­բեր չեն ո՛չ Մոս­կուան եւ ոչ ալ Ո­ւա­շինկ­թը­նը: Տար­բեր վեր­լու­ծող­ներ կը գրեն, որ «Հիզ­պուլ­լահ»ի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ շա­րու­նա­կել մնա­լը նաեւ բա­րե­րար չէ Սու­րիոյ շուրջ խմո­րուող ընդ­հա­նուր կար­գա­ւո­րու­մի մթնո­լոր­տին ա­ռըն­թեր: Կը մնայ հար­ցու­մը. ար­դեօք «Հիզ­պուլ­լահ» պի­տի նա­հան­ջէ՞ եւ ինչ-ինչ պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով իր ու­ժե­րը հա­ւա­քե­լով պի­տի կեդ­րո­նա­նայ լի­բա­նա­նեան իր ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րուն՝ հա­րա­ւի Պե­քա­յի, Պաալ­պէ­քի եւ Պէյ­րու­թի հա­րա­ւա­յին ա­րուար­ձա­նին մէջ: Կամ ան­տե­սե­լով այս մի­ջազ­գա­յին նոր ձե­ւա­ւո­րում­նե­րը, պի­տի փոր­ձէ բա­նալ ներ­կա­յիս խա­ղաղ վի­ճա­կով մը պա­րու­րուած կո­լա­նեան ճա­կա­տը, ո­րուն ա­մե­նէն կա­րե­ւոր ջա­տա­գով­նե­րէն էր Սա­միր Քըն­թա­ր: Եր­կու պա­րա­գա­յին ալ սխալ ո­րե­ւէ քայ­լի դի­մաց մե­ծա­գոյն տու­ժո­ղը պի­տի ըլ­լայ Լի­բա­նա­նը:

Ու այս­տեղ հե­տե­ւեալ հար­ցու­մը կը դառ­նայ էա­կան: Ար­դեօք «Հիզ­պուլ­լահ» բա­ւա­րար ուժ ու­նի՞ պա­տաս­խա­նե­լու Իս­րա­յէ­լի նա­խա­յար­ձակ հա­րուա­ծին, ո­րուն տակ կքե­լով ան կրնայ կորսն­ցնել իր եր­բեմ­նի ազդե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րը:

Լի­բա­նա­նեան ըն­դ­հա­նուր հա­ւա­սարակշ­ռու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ իր ազ­դե­ցիկ դե­րը ու­նե­ցող «Հիզ­պուլ­լահ», որ կը շա­րու­նա­կէ ա­մէն գնով իր նա­խընտ­րած նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծուն (ե­րես­փո­խան Մի­շէլ Աուն) ջա­տա­գո­վել, կանգ­նած է շրջա­նա­յին մեծ քննու­թեան մը առ­ջեւ: Այդ քննու­թեան թիւ մէկ թե­լադ­րա­կան ու­ժը այ­սօր Թեհ­րա­նը չէ, այլ Մոս­կուան է, ո­րուն տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս ներ­կա­յու­թիւ­նը խա­ղի նոր կա­նո­ններ պի­տի թե­լադ­րէ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015